image

Ատրպէյճանական զինուժը կրկին կրակած է Խոզնավարի ուղղութեամբ

Ատրպէյճանական զինուժը կրկին կրակած է Խոզնավարի ուղղութեամբ

Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ մայիս 30-ին՝ ժամը 00:10-01:00-ն ինկած ժամանակահատուածին, Ատրպէյճանի Զինուած ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացած են Սիւնիքի մարզի Խոզնավար բնակավայրի ուղղութեամբ, որու հետեւանքով վնասուած է բնակելի տան սանհանգոյցը, եւ խոցուած է մէկ մանր եղջերաւոր կենդանի։

Պաշտպանութեան նախարարութիւնը ատրպէյճանական կողմին կոչ ըրած է հետաքննելու Խոզնավարի բնակելի տան գնդակոծման փաստը եւ հանդէս գալու հրապարակային պարզաբանումներով։

Մայիս 29-ին եւս ատրպէյճանցիները կրակած էին գիւղի ուղղութեամբ, բնակելի տուն վնասուած էր։

Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանն ալ Ազգային ժողովի բակին մէջ լրագրողներու հարցին պատասխանելով ըսած էր, որ ատրպէյճանական կողմը չընդունիր, որ իրենք կրակած են Խոզնավարի ուղղութեամբ։