image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպ. Մարմնամարզի եւ երիտասարդութեան նախարարի այցը՝ Ազգային Առաջնորդարան

Հալէպ. Մարմնամարզի եւ երիտասարդութեան նախարարի այցը՝ Ազգային Առաջնորդարան

Սրբազան Հայրը եւ ներկայ ազգայինները շնորհակալութիւն յայտնեցին մեծարգոյ նախարարին՝ ՀՄԸՄ ակումբը իր իսկական անունով վերանուանուելուն առիթով։ Մեթր Նորա պարզեց, թէ ՀՄԸՄ-ի մարզական կեանքի բոլոր նախաձեռնութիւնները Առաջնորդ Սրբազան Հօր հովանաւորութիւնը կը վայելեն։

Հանդիպումը ընթացաւ փոխգործակցութեան շինիչ եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ։

Հինգշաբթի, 2 Ապրիլ 2026-ի յետմիջօրէին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս հիւրընկալեց Սուրիոյ մարզանքի եւ երիտասարդութեան նախարար Մեծարգոյ Մուհամմետ Սամեհ ալ-Համետ եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը։ Ներկայ էին նաեւ Ազգ. Վարչութեան եւ ՀՄԸՄ-ի վարչութեան անդամ մեթր Նորա Գրաճեան, Ազգ. Վարչութեան անդամ Յարութ Չամիչեան եւ ՀՄԸՄ-ի վարչութեան ատենապետ բժշկ. Արամ Աւետիսեան։

Հանդիպումին արծարծուեցաւ Սուրիոյ մարզական կեանքի աշխուժացման աշխատանքներուն եւ մարզական գետնի վրայ ՀՄԸՄ-ի խումբերու բարգաւաճումին։ Մեծարգոյ նախարարը նշեց, թէ ՀՄԸՄ-ը Սուրիոյ մարզական ակումբներուն մէջ պատմական հարուստ անցեալ ունեցող լաւագոյն ակումբներէն մէկն է։ Ան համագործակցութեան ոգիով պատրաստակամութիւն յայտնեց օգնութեան ձեռք երկարելու՝ ի խնդիր մարզական կեանքի վերելքին։