image

Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար արք. Աշգարեան ընդունեց Հալէպի նահանգապետին շնորհաւորական այցելութիւնը

Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար արք. Աշգարեան ընդունեց Հալէպի նահանգապետին շնորհաւորական այցելութիւնը

Օրերս, Մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տօնին առիթով, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն ետք, Ազգ. Առաջնորդարանի դահլիճին մէջ ընդունած է շնորհաւորական այցելութիւններ, որոնց շարքին Սրբազան Հօր իրենց շնորհաւորութիւնները փոխանցած են նաեւ Հալէպի նահանգապետ Ազզամ ալ-Ղարիպը՝ իր պատուիրակութեամբ։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։ 

Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝

Կիրակի, 5 Ապրիլ 2026-ին, Մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տօնին առիթով, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն ետք շնորհաւորական այցելութիւններ ընդունեց, Ազգ. Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս, ներկայութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Երեսփոխանական Ժողովի, Ազգ. Կրօնական Ժողովի, Ազգ. Վարչութեան անդամներուն եւ Յարաբերական Մարմինի ներկայացուցիչին։

Ս. Յարութեան տօնին առիթով, Սրբազան Հօր իրենց շնորհաւորութիւնները փոխանցեցին՝ Հալէպի Նահանգապետ երկրչփ. Ազզամ ալ-Ղարիպ եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը, պետական անձնաւորութիւններ, համայնքներու ներկայացուցիչներ, Թեմի եկեղեցիներու քահանայ հայրեր, թաղական խորհուրդներ, դպրաց դասեր, ազգային մարմիններու, բարեսիրական եւ կրթական հաստատութիւններու, հալէպահայ մարզական, մշակութային, բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնք իրենց ջերմագին բարեմաղթութիւնները փոխանցեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Թեմի ժողովականութեան եւ ժողովուրդին։

Սրբազան Հայրը այցելուներուն մաղթեց, որ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեամբ՝ սէր եւ համերաշխութիւն տիրէ մարդոց հոգիներուն մէջ եւ խաղաղութիւն ու ապահովութիւն հաստատուի սուրիական հայրենիքին եւ ողջ աշխարհի վրայ։