image

Կարդալով Վահան Սրբազանի գրառման ենթաշերտերը. Մտահոգութի՞ւն թէ տարակարծութիւն (Վահան Սրբազանի վերջերս կատարած գրառման առթիւ)

Կարդալով Վահան Սրբազանի գրառման ենթաշերտերը. Մտահոգութի՞ւն թէ տարակարծութիւն (Վահան Սրբազանի վերջերս կատարած գրառման առթիւ)

Ամենէն զգայուն հատուածը այն է, ուր ան կը մերժէ Եկեղեցին դարձնել «աշխարհիկ հակամարտութիւններու գործիք»։ Ասիկա կարելի է ընթերցել որպէս ակնարկ՝ որ նման վտանգ արդէն գոյութիւն ունի։ Այս բոլորը նկատելէ ետք հարկ է հաշուի առնել, որ Տ. Վահան Սրբազանը դեռ կը մնայ եկեղեցական համակարգին մէջ։ Ան չի յայտարարեր ընդդիմութիւն, այլ՝ զգուշաւոր ահազանգ։ Այստեղ նաեւ շատ կարեւոր է նկատի առնել, որ Վահան Սրբազան իրողապէս մտահոգուած է եւ կը խօսի Եկեղեցւոյ «քաղաքականացումի վտանգին» մասին, եւ այդ արդէն ինքնին ախտանշան է։ Բայց նոյնքան կարեւոր է, թէ արդեօք այդ ձայները կը շարունակուի՞ն, կը խորանա՞ն, թէ՞ կը լռեցուին։

Այդ բոլորը ի յայտ կրնան գալ մօտիկ ապագային եւ անշուշտ ուրեմն ժամանակի հարց է։

Սագօ Արեան Լրագրողի էջ-էն կը կարդանք՝


Օրերս դիմատետրի վրայ Գերշ. Տ. Վահան Սրբազանի կողմէ եղած գրառումը ըստ էութեան, պարզ առողջական տեղեկատուութիւն չէ․ անիկա նաեւ զգուշաւոր, բայց բաւական խիտ քաղաքական-եկեղեցական յայտարարութիւն մըն է։ Գրառման մէջ կարելի է տարբեր շերտեր նկատել, որոնք կը յուշեն թէ՛ ներքին լարուածութիւն, թէ՛ անձնական դիրքորոշման փորձ մը՝ առանց բաց ճակատման։

Նախ՝ ան շատ յստակ կը շեշտէ, թէ իր նուիրումը ուղղուած է միայն Աւետարանին եւ Եկեղեցւոյ առաքելութեան, ոչ թէ «կուսակցութեան» կամ «ժամանակաւոր իշխանութեան»։ Այս շեշտադրումը պատահական չէ։ Երբ եկեղեցական մը ստիպուած կ՚ըլլայ այսքան բաց կերպով սահմանազատել իր հաւատարմութիւնը քաղաքական դաշտէն, սովորաբար կը նշանակէ, որ իրականութեան մէջ այդ սահմանը արդէն մթագնած է, եւ ինք կը փորձէ վերագծել զայն։

Երկրորդ՝ ան կը խօսի Մայր Աթոռի եւ աշխարհիկ իշխանութիւններուն միջեւ «սրացող լարուածութեան» մասին՝ զայն կոչելով ոչ թէ պարզ տարաձայնութիւն, այլ «ծանր բեռ»։ 

Ասիկա ներքին անհանգստութեան շատ ուղիղ խոստովանութիւն է։ Սակայն կարեւոր է, որ Սրբազանը չի մատնանշեր, թէ այդ բեռին պատճառը ո՞վ է կամ ո՞ւր կը տեսնէ սխալը․ ան կը մնայ կէս ճանապարհին՝ նկարագրելով խնդիրը, բայց չմտնելով բաց քննադատութեան մէջ։

Երրորդ՝ ամենէն զգայուն հատուածը այն է, ուր ան կը մերժէ Եկեղեցին դարձնել «աշխարհիկ հակամարտութիւններու գործիք»։ Ասիկա կարելի է ընթերցել որպէս ակնարկ՝ որ նման վտանգ արդէն գոյութիւն ունի։ Այս բոլորը նկատելէ ետք հարկ է հաշուի առնել, որ Տ. Վահան Սրբազանը դեռ կը մնայ եկեղեցական համակարգին մէջ։ Ան չի յայտարարեր ընդդիմութիւն, այլ՝ զգուշաւոր ահազանգ։ Այստեղ նաեւ շատ կարեւոր է նկատի առնել, որ Վահան Սրբազան իրողապէս մտահոգուած է եւ կը խօսի Եկեղեցւոյ «քաղաքականացումի վտանգին» մասին, եւ այդ արդէն ինքնին ախտանշան է։ Բայց նոյնքան կարեւոր է, թէ արդեօք այդ ձայները կը շարունակուի՞ն, կը խորանա՞ն, թէ՞ կը լռեցուին։

Այդ բոլորը ի յայտ կրնան գալ մօտիկ ապագային եւ անշուշտ ուրեմն ժամանակի հարց է։