Սուրիոյ բանակը մօտեցած է Հալէպ- Դամասկոս ճանապարհին: Այս մասին տեղեկութիւնը տրուած է «Ալ Մայատին» կայանին կողմէ: Աղբիւրը նոյնպէս կը հաղորդէ, որ սուրիական բանակի ջոկատներ յաջողած են գրաւել Թալ Հըտեէ շրջանը: Միւս կողմէ սուրիական բանակի բանբեր մը զինուորական գօտի յայտարարած է Հալէպ- Դամասկոս ճանապարհը եւ ըսած, որ բանակը ստիպուած պիտի ըլլայ հարուածել շրջանին մէջ որեւէ շարժում: Յիշեցնենք, որ սուրիական բանակը Երեքշաբթի օր յաջողած էր Հալէպի արեւելեան հատուածին մէջ եղող «Քուարէս» զինուորական օդակայանը ազատագրել ISIS-ի լուծէն: Երկու տարիէ ի վեր պաշարման տակ եղող օդակայանին մէջ կը գտնուին բանակի շուրջ 1000 զինուորակններ: Նշենք, որ Սուրիոյ հարցերուն հետեւող մէկէ աւելի դէտեր կարծիք յայտնած են, որ բանակին համար ներկայ հանգրուանին հիմնական նպատակը Հալէպը Դամասկոսին կապող միջազգային ճանապարհին վերաբացումն է: