image

Սուրիոյ Բանակը Կը Մօտենայ Հալէպ- Դամասկոս Ճանապարհին

Սուրիոյ Բանակը Կը Մօտենայ  Հալէպ- Դամասկոս Ճանապարհին

Սուրիոյ բանակը  մօտեցած է   Հալէպ- Դամասկոս  ճանապարհին: Այս մասին տեղեկութիւնը  տրուած է «Ալ Մայատին»   կայանին կողմէ: Աղբիւրը նոյնպէս կը հաղորդէ, որ սուրիական  բանակի ջոկատներ   յաջողած են գրաւել   Թալ Հըտեէ շրջանը: Միւս կողմէ սուրիական  բանակի բանբեր մը   զինուորական գօտի յայտարարած է   Հալէպ- Դամասկոս   ճանապարհը եւ  ըսած, որ բանակը ստիպուած պիտի ըլլայ   հարուածել շրջանին մէջ որեւէ շարժում: Յիշեցնենք,  որ սուրիական բանակը Երեքշաբթի օր  յաջողած էր Հալէպի  արեւելեան հատուածին մէջ եղող «Քուարէս»  զինուորական  օդակայանը ազատագրել ISIS-ի  լուծէն: Երկու տարիէ ի վեր  պաշարման  տակ եղող  օդակայանին  մէջ կը գտնուին բանակի շուրջ  1000 զինուորակններ:   Նշենք, որ  Սուրիոյ  հարցերուն հետեւող մէկէ աւելի դէտեր   կարծիք  յայտնած  են, որ բանակին համար ներկայ հանգրուանին հիմնական  նպատակը  Հալէպը  Դամասկոսին  կապող միջազգային ճանապարհին վերաբացումն է: