Օրերս Լիբանան կորսնցուց իր յայտնի արուեստագէտներէն, երգահան եւ երաժիշտ Զիատ Ռահպանին:
Արուեսագէտի մահուան տխուր առիթով Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարք Մինասեան սգալով արուեստագէտի մահը ըսած է.- «Զիատ Ռահպանիի կորուստով Լիբանան կորսնցուց մարդկային մեծ խիղճի ձայնը։ Ձայն մը, որ բարձրաձայնեց ճշմարտութիւնը, ցաւն ու յոյսը»։
Մահախօսականին մէջ նաեւ ըսուած է.-
«Ռահպանիի մահով մենք ոչ միայն կորսնցուցինք ստեղծագործող արուեստագէտ մը, այլ նաեւ կենդանի յիշողութիւն եւ ճշմարիտ հայելի մը, որ կ'արտացոլէր այս երկրի իրավիճակը։ Ան սկզբունքի մարդ էր, բողոքող ձայն եւ հասարակ ժողովուրդի խիղճ»։
Մահախօսականին մէջ նշուած է, որ Ռահպանի իր ասպարէզին մէջ ստեղծած է զանազան շարականններ եւ հոգեւոր գործեր, որոնք մինչեւ այսօր կ'երգուին հաւատացեալներուն կողմէ։
«Ռահպանիի եկեղեցական ստեղծագործութիւնները սովորական կրօնական գործեր չեն, անոնք զօրաւոր հաւատքի եւ մաքուր արուեստի խոր արձագանգ են, որոնք կը հասցնեն խօսքը սրտին եւ մեղեդին՝ հոգւոյն»։
Պատրիարք Մինասեան խորին ցաւակցութիւն յայտնած է Ֆէյրուզին, հանգուցեալին ընտանիքին եւ անոր բոլոր սիրելիներուն ընդգծելով, որ «Զիատին արուեստը պարզապէս երաժշտութիւն չէր, այլ հաւատքի գործ, այն կը ներկայացնէր կամուրջ մը ցաւին եւ յոյսին միջեւ։
Թող անոր յիշատակը անթառամ մնայ»։