Սուրիոյ զինուած ուժերու հրամանատարութիւնը ռազմական ուժեր եւ զրահատեսակ տեղափոխած է Արաբունար (Այն ալ Արապ-Քոպանի) քաղաք, որ կը գտնուի Հալէպի նահանգային կեդրոնէն 150 քմ հիւսիս-արեւելք։ Այս մասին Al Watan թերթին յայտնած է սուրիական ռազմական աղբիւրը։
Անոր խօսքով՝ առնուազն 20 հրասայլ եւ զրահափոխադրիչներ ժամանած են այն տարածք, ուր տեղակայուած են կառավարական ուժերը, մատակարարուած է հրետանի եւ ծանր գնդացիրներ: Ուժեղացման եւ զրահատեսակ տեղակայելու որոշումն ընդունուած է թրքական զօրքերու եւ սուրիական զինուած ընդդիմութեան ուժեղ գնդակոծութիւնէն յետոյ, որոնք աւելի քան 40 հրետանային հարուած հասցուցած են Արաբունար եւ Թել Ռիֆաաթ քաղաքներու ծայրամասերուն։
Աւելի վաղ թրքական անօդաչու թռչող սարքերը գրոհած են Մենեկի ռազմական օդակայանը, ուր տեղակայուած է սուրիացի զինուորականներուն եւ քուրդ զինեալներու պաշտպանութեան առաջնագիծը:
22 նոյեմբերին Ռաքքա նահանգի մէջ սուրիական բանակի խմբաւորումն ուժեղացուած է։ Զրահամեքենաներով եւ ծանր զինատեսակներով շարասիւնը շարժած է դէպի Այն Իսա քաղաք, որ կը գտնուի ռազմավարական մայրուղիին վրայ, որ կը կապէ Սուրիոյ արեւելեան եւ արեւմտեան շրջանները: Աւելի վաղ Հասաքէ նահանգի հիւսիս-արեւմուտքը գտնուող Թել Թամեր շրջան ուղարկուած են նոր ուժեր՝ թրքական հնարաւոր ներխուժումը ետ մղելու համար։
20 Նոյեմբերէն ի վեր Թուրքիոյ ռազմաօդային ուժերը եւ հրետանին հարուածներ կը հասցնեն քրդական Սուրիոյ դեմոկրատական ուժերու կողմէ վերահսկուող տարածքին վրայ՝ Հալէպ, Ռաքքա եւ Հասաքէ նահանգներու հիւսիսը։ Քաղաքացիները կը լքեն իրենց տուները եւ կը տեղափոխուին աւելի ապահով տարածքներ: