image

Դիւանագէտները այցելած են հայ-թրքական սահման

Դիւանագէտները այցելած են հայ-թրքական սահման

Տարեկան աշխատաժողովի շրջածիրէն ներս ԱԳՆ ղեկավար կազմը եւ արտերկրի մէջ դիւանագիտական ծառայութեան մարմիններու ղեկավարները՝ նախարար Միրզոյեանի գլխաւորութեամբ, այցելած են Հայաստան-Թուրքիա սահմանին գտնուող «Ախուրիկ» անցակէտը եւ Գիւմրի-Կարս երկաթուղիի «Ախուրեան» կայարանը։

Անդրադարձ կատարուած է երկաթուղիի վերականգնման եւ շահագործման կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ այդ ուղղութեամբ աշխատանքներու ընթացքին։

«Ենթակառուցուածքների զարգացումը առանցքային է տարածաշրջանային փոխկապակցուածութեան ծրագրերում Հայաստանի արդիւնաւէտ ներգրաւման համար»,– նշուած է ԱԳՆ-ի դիմատետրեան էջին մէջ։