«Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբում»ի մասին շատեր լսած են։ Միութիւն, որ ունի երկար տարիներու անցեալ եւ հիմնուած է նուիրական ոգիով Լիբանանահայութեան ամենատարբեր խաւերուն օժանդակութիւն հասցընելու առաքելութեան վրայ։
Վերջին տարիներուն միութիւնը դիտարկելով Լիբանանի մէջ ստեղծուած ամենածանր իրավիճակը ստիպուած եղաւ վերատեսութեան ենթարկել իր աշխատելաձեւը եւ ամենատարբեր դռներ թակելով օժանդակութիւններ հաւաքել ու զանոնք հասցընել Պէյրութի եւ Լիբանանի տարբեր շրջաններու մէջ ապրող հայկական միութիւններուն (մասնաւորապէս բժշկական կէտեր եւ դարմանատուներ)։ Միութիւնը, որ անմիջական կապեր ունի Մայր Աթոռ Էջմիածնի հետ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը եւ տարբեր միջոցառումներ իրականացնելով կը փորձէ աշխոյժ պահել իր անդամութիւնը, ձեւով մը նոր աւիշ տալ իր անդամներուն, որպէսզի չընկրկին ու շարունակեն իրենց գործունէութիւնն ու երթը։
Ի դէպ միութեան աշխոյժ ատենապետուհին՝ Տիկն. Անահիտ Պուլտուքեան-Տանձիկեանը, որ վերջին տարիներուն ստանձնած է միութեան ներկայացուցիչի դերը անխոնջ ծառայող եւ յարգուած անձնաւորութիւն է, Լիբանանահայութեան շրջանակներուն մօտ։
Տիկն. Պուլտուքեան- Տանձիկեան, որ կը հաւատայ Լիբանանահայ գաղութի դերին ու էական կեդրոն մ՚ըլլաու տիրական հանգամանքին, յաճախ խթան կը հանդիսանայ, որ անդամուհիները քով- քովի գան, ծրագրեն ու անցնին գործի։ Այս առումով ալ օրերս տեղի ունեցած է դասախօսութիւն հանդիպում մը, որուն հիւր դասախօսը եղած է Մեծի Տանն Կիլիկոյ Կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբաններէն՝ Հոգշ. Տ. Վիգէն Վրդ. Տալգըլըճեան։
Ի դէպ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք այդ ձեռնարկին Տիկն. Անահիտ Պուլտուքեան- Տանձիկեանի արտասանած բացման խօսքը, ուր օրուայ միջոցառումէն անդին մեր հայրենակցուհին հակիրճ տողերով կը ներկայացնէ միութեան ընդհանուր գործունէութիւնը ու ապա տեղեկութիւններ կուտայ օրուայ միջոցառման եւ հիւր միաբանին մասին։
Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ խօսքը, մաղթելով, որ միութիւնը կը շարունակէ իր նուիրական գործը ու նաեւ սատարէ,որ Լիբանանահայ մեր հայրենակիցները կարողանան ամէն միջոցներով դիմակայել ստեղծուած դժուարին պայմաններուն։
Տիկին Պուլտուքեան- Տանձիկեան մասնաւորաբար ըսած է ՝
Բարի եկած էք Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումի 2022 թուականի առաջին անդամահաւաքին Հ․Բ․Ը․Մ․-ի Ահրամճեան կեդրոնի մէջ։
2020-ի Քորոնա ժահրը, Լիբանանի ընկերային-տնտեսական վերիվայրումները, 4-Օգոստոս 2020 , Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պատահած պայթումը ակամայ դանդաղեցուցին Լիբանանի մէջ գործող բոլոր հասարակական կազմակերպութիւններուն, միութիւններուն ընթացիկ ծրագիրները, դժբախտաբար :
Բոլորիս մտահոգութիւնը դարձաւ Քորոնայի դէմ պայքարը, մեկուսացումը, տան մէջ բանտարկուիլը, ապա օրուան հացը, ապրուստը ապահովելու մտահոգութիւնը; եւ հոս սկսաւ Սուրբ Էջմիածնի Կրօնասէր Տիկնանց Համախմբումի աշխատանքը լիբանանահայ կարիքաւոր ընտանիքներուն օժանդակութիւններու առաքումը:
Այսօր, այս տարուան առաջին անդամահաւաքին առիթով, եկէք մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգենք մեզմէ առյաւէտ բաժնուած մեր վարչականներուն եւ անդամներուն յիշատակը:
Յարգելի ներկաներ, այս կարեւոր անդամահաւաքին առիթով, Համախմբումին եւ Ձեր բոլորին անունով կը փափաքիմ շնորհակալութիւն յայտնել Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին , որ գործնապէս եւ նիւթապէս օգնութեան ձեռք մեկնեց բարեսիրական մեր աշխատանքներուն:
Շնորհակալութեան խօսք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառին, որ նոյնպէս անդադար սատար կը կենայ լիբանանահայութեան կարիքներուն : Շնորհակալութեան խօսք մեր բոլոր վարչականներուն, որոնք ծանր պայմաններու տակ վառ պահեցին մեր Համախմբումին ջահը՝ առաքելութիւնը:
Շնորհակալութեան խօսք ունիմ Rotary Club Beirut Cedars հասարակական կազմակերպութեան, որ սիրայօժարօրէն կ'աջակցի կարիքաւոր ընտանիքներուն նպաստաբաշխման մեր ծառայութիւններուն, ինչպէս նաեւ բժշկական սարքեր կը հայթայթէ լիբանանահայ դարմանատուներուն:
Շնորհակալութեան խօսք կը յայտնենք նաեւ Հրայր Տանձիկեան Հաստատութեան ընդհանուր տնօրէն Յակոբ Տանձիկեանին որ Սուրբ Յարութիւն Եկեղեցւոյ ութսուն փոքրիկներու 2022 Նոր Տարուայ խրախճանքին առթիւ նուէրներով ուրախացուց զիրենք։
Շնորհակալութեան խօսք ունիմ նաեւ BASSMA բարեսիրական հաստատութեան որ Յունուար 6-ին կազմակեպեցին Կաղանդ Պապա ձեռնարկը, բաժնելով հարիւր երեխաներու նուէրներ Սուրբ Գեւորգ եկեղեցւոյ բակին մէջ, Հաճըն ու կը շարունակեն օգնութեան հասնիլ շաբաթական հարիւր անձերու ճաշեր բաժնելով Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ բակին մէջ, Րմէյլի շրջան։
Շնորհակալութեան խօսք ունիմ նաեւ Rene Mouawad բարեսիրական հաստատութեան որ օգտակար դարձաւ ուտեստեղէն եւ զանազան տեսակի կարեւոր օժանդակութեամբ։
Քիչ մը աւելի ընդլայնելով մեր գործունէութեան կարկինը, յայտնեմ, թէ կարիքաւոր հայորդիներուն մեր բաշխած նիւթական օժանդակութիւնները՝ չորս հանգրուաններով, կը հայթայթուին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինէն՝ Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին տնօրինութեամբ եւ, բարերարներու միջոցաւ։
Այս օժանդակութեան զուգահեռ, ամսական դրութեամբ լիբանանահայ ընտանիքներուն սննդեղէն կը բաժնուի, տրամադրուած՝ Rotary Club Beirut Cedars-էն ։ Շաբաթական դրութեամբ տաք ճաշ կը սպասառկուի լիբանանահայ կարիքաւոր ընտանիքներուն, տրամդրուած BASSMA բարեսիրական միութեան կողմէ եւ նաեւ կը բաժնենք տարբեր տեսակի սննդեղէններ տրամադրուած բարերարներու կողմէ:
Լիբանանի մէջ գործող տասը հայկական դարմանատուներուն կը տրամադրենք նիւթական օժանդակութիւն եւ բժշկական սարքաւորումներ հիւանդանոցային առարկաներ, տրամադրուած Rotary Club Beirut Cedars-էն: Համախմբումի վարչութեան համար հաճոյք եւ հոգեկան գոհացում դարձած է անսահման նուիրումը եւ բարեսիրական ծառայութիւնը:
Շնորհակալութեան խօսք ունիմ բոլոր անոնց, որոնք նիւթապէս, բարոյապէս սատար կը կենան եւ կ՛օժանդակեն մեր Համախմբումի ծրագիրներուն յաջողութեան:
Բարի եկած էք բոլորդ։
Այսօր մեզի հետ է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան արխիւատան տեսուչ՝ հոգեշնորհ Տէր Վիգէն վարդապետ Տալգըլըճեանը
Հոգշ. Տ. Վիգէն Վրդ. Տալգըլըճեան՝ ծնած է 25 Մայիս, 1993-ին, Հալէպ:
Աւազանի անունով Անդրանիկ:
Նախնական կրթութիւնը ստացած է Ազգ. Զաւարեան վարժարանին մէջ, Հալէպ, իսկ երկրորդականը Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանին մէջ, յաճախելով երեք տարի:
Ապա, Անթիլիասի Դպրեվանք ընդունուած է 2008-ին:
Կիսասարկաւագի կարգ ստացած է 9 Մայիս, 2010-ին, իսկ Սարկաւագ ձեռնադրուած է 15 Մայիս, 2011-ին՝ ձեռամբ Հոգելոյս Նորայր Եպս. Աշըգեանին:
Կուսակրօն Քահանայութեան կարգ ստացած է 23 Յունիս, 2013-ին, ձեռամբ Գերշ. Տ. Շահէ Եպս. Փանոսեանին, վերակոչուելով Տ. Վիգէն Աբեղայ:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառին կողմէ Վարդապետական աւարտաճառի նիւթ ստացած է «Կիպրոսի Հայոց Թաղական Խորհուրդի նամակները Սահակ Բ. Կաթողիկոսին (1924-1932) » եւ «Կիպրոսի Հայոց Թաղական Խորհուրդի նամակները Սահակ Բ. Կաթողիկոսին (1931-1936)»:
Աւարտաճառի պաշտպանութիւնը կատարած է 11-12 Յունիս, 2016-ին եւ Վարդապետութեան աստիճանի կարգ ստացած ձեռամբ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեանի:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէ ներս, ստանձնած է Արխիւատան տեսուչի պաշտօն 2013-էն մինչեւ օրս։
Անթիլիասէն ներս վարած պաշտօններուն կողքին հետեւած է Անգլերէն լեզուի դասընթացքներու: 2019֊-2020 Հայկազեան համալսարանէն "Ընկերային Հոգաբանութեան" վկայագիր ստացած է ։Իսկ վերջին տարիներուն Պիքֆայայի դպրեւանքին մէջ դասաւանդած է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ պատմութիւն և հին կտակարան։
Մեր յարգարժան վարդապետը պիտի կատարէ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ շարականներուն պատմականը, որմէ ետք պիտի բացատրէ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ օրացոյցին եւ անոր գործածութեան եղանակին մասին:
Հոգեշնորհ վարդապետին կանխաւ շնորհակալութիւն կը յայտնենք մեզի սիրայօժարօրէն իր սուղ ժամերէն տրամադրելուն, այս խիստ շահեկան դասախօսութեան համար: