image

Փեքինի մէջ. յորդառատ անձրեւներու եւ ջրհեղեղներու զոհ դարձած է 30 մարդ

Փեքինի մէջ. յորդառատ անձրեւներու եւ ջրհեղեղներու զոհ դարձած է 30 մարդ

Առնուազն 30 մարդ զոհուած է Փեքինի հիւսիսային շրջաններուն մէջ յորդառատ անձրեւներու եւ ջրհեղեղներու հետեւանքով, հաղորդած են պետական լրատուամիջոցները:

Ըստ Չինաստանի պետական «Սինհուա» գործակալութեան՝ Միյուն շրջանին մէջ գրանցուած է 28 մահուան դէպք, եւս երկու մարդ զոհուած է Եանծին շրջանին մէջ:

«Վերջին ուժգին տեղումներն արդէն 30 մարդու կեանք խլած են Փեքինի մէջ մինչեւ երկուշաբթի կէսգիշեր»,- յայտնած է քաղաքային ջրհեղեղներու վերահսկման շտաբը:

Տեղումները սկսած են անցեալ հանգստեան օրերուն եւ երկուշաբթի ուժգնացած են թէ՛՝ Փեքինի, եւ թէ՛ անոր յարակից նահանգներուն մէջ։

Փեքինի իշխանութիւնները տարհանած են աւելի քան 80,000 բնակիչ այն շրջաններէն, որոնք առաւելապէս տուժած են ջրհեղեղներէն, յայտնած է պետական հեռուստատեսութիւնը՝ CCTV-ն։ Ջրհեղեղները վնասած են տասնեակ ճանապարհներ եւ ընդհատած ելեկտրամատակարարումը առնուազն 136 գիւղի մէջ:

Ըստ կանխատեսումներու՝ Փեքինի մէջ կը սպասուի նոր ուժգին տեղումներ: