Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարներու երկկողմ եւ ընդլայնուած կազմով հանդիպումներու ընթացքին քննարկուած են տարածաշրջանային հարցեր, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման գործընթացը:
Ինչպէս հաղորդած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները, այս մասին Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Մաքա Պոճորիշվիլիի հետ համատեղ մամուլի ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը։
«Քննարկումներու ընթացքին անդրադարձանք համաշխարհային գործընթացներուն, տարածաշրջանին սպառնացող հնարաւոր անվտանգային մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ շարք մը փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցերուն։ Իմ յարգարժան գործընկերոջ մանրամասն տեղեկացուցած եմ Հայաստան-Ատրպէյճան յետպատերազմեան գործընթացներու մասին՝ յատկապէս ընթացիկ փուլին։ Այդ պարունակին մէջ անդրադարձած եմ նաեւ յուլիս 10-ին Ապու Տապիի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդներու բանակցութիւններուն եւ առկայ դրական շարժին։ Մենք կը համարենք, որ խաղաղութեան ուղին ունի լաւ հեռանկարներ։ Այն իրական է, սակայն այդ ճանապարհի աւարտին հասնելու համար անհրաժեշտ շարք մը քայլեր դեռ չեն եղած՝ յատկապէս հայկական կողմի կողմէ», - նշած է Պայրամովը։
Ան կրկնած է Պաքուի պնդումներն առ այն, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան վերջնական համաձայնութեան հասնելու համար անհրաժեշտ է, որ Հայաստանի մէջ կայացուի հանրաքուէ՝ երկրի Սահմանադրութենէն Ատրպէյճանի դէմ տարածքային պահանջները բացառելու նպատակով։
«Պէտք է քայլեր ձեռնարկուին հանրաքուէ կայացնելու ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ լիովին իր գործառոյթը կորսնցուցած եւ գործնականօրէն գոյութիւն չունեցող Մինսքի խումբի եւ ատոր ձեւաչափերու լուծարման համար», - նշած է Պայրամովը։