image

Սոնա Թորոսեան արժէքաւոր մեր քոյր հանգչիս խաղաղութեամբ. Նորվան Սրբազանի դամբանականը (Լուսանկար)

Սոնա Թորոսեան արժէքաւոր մեր քոյր հանգչիս խաղաղութեամբ. Նորվան Սրբազանի դամբանականը (Լուսանկար)

Օրերս Փարիզի մէջ իր մահկանացուն կնքած է ֆրանսահայ շրջանակներուն մէջ  յարգուած անուն հանդիսացող Սոնա Թորոսեանը։

Այդ  տխուր առթիւ «Արեւելք» իր ընթերցող հասարակութեան կը ներկայացնէ Ֆրանսայի Հայոց Թեմի նախկին առաջնորդներէն՝ Գերշ. Տ. Նորվան արք. Զաքարեանի արտասանած դամբանական խօսքը։

Անբացատրելի է մահուան լուրին պատճառած ցաւը, մա՛նաւանդ երբ հանգուցեալին հետ հացկերոյթի սեղանի մը շուրջ գտնուած ես հազիւ քանի մը շաբաթ առաջ։ Տասը հոգիի չափ հրաւիրեալներ էինք բարեկամի մը տունը, Յունիս 22-ի Հինգշաբթի օրը, որոնց մէջ կը գտնուէին նաեւ տէր եւ տիկին Գեղամը եւ Սոնան։

Սոնան, սովորականին պէս, զուարթ, քաղաքավար, վայելուչ իր ներկայութեամբ, յոգնածութեան ո՛չ մէկ նշան ցոյց կու տար…։ Այսպիսի մօտակայ հանդիպումէ մը ետք, անշուշտ մահուան գոյժը կրկնակի ցնցիչ կը դառնայ։

Փարիզահայութիւնը, Սոնա Թորոսեանի մահուամբ կը կորսնցնէ ազնուասիրտ, հեզահամբոյր հարազատ մը, իսկ Փարիզի Սուրբ Յովհաննէս-Մկրտիչ մայր եկեղեցին նուիրեալ քոյր մը։ Եկեղեցասիրութիւնը, տիկին Սոնան կ՚արտայայտէր երաժշտական իր տաղանդին սպասարկութեամբ։ Այս եկեղեցւոյ արարողութիւններու երգեցողութեան, պաշտօնական երգէոնահարուհին էր ան, երաժըշտագէտ Արա Պարթեւեանի խմբավարութեան տարիներուն։ Հոգեւոր սփոփանք մըն էր տիկին Սոնային համար, նուագով ծառայութիւն մատուցանելը Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ, եւ նուագելը կարծէք դարձած էր իր աղօթելու եղանակը։

Սոնա Թորոսեան ծնած էր Փարիզի շրջանը, յաճախած տեղւոյն ֆրանսական վարժարանը։ Հետաքրքրական է, որ հինգ տարեկանէն սկսեալ, յատուկ սէր մը կը նկատուի իր մէջ երաժշտութեան հանդէպ եւ կը սկսի դաշնակի դասերու հետեւիլ Սարգիս Պետրոսեանի քով։ Ի դէպ յիշենք որ Սարգիս Պետրոսեանը հայրն էր տաղանդաւոր դաշնակահար՝ Ռաֆֆի Պետրոսեանին։ Այնուհետեւ տիկին Սոնան երաժշտական իր ուսումը կը շարունակէ École Supérieure de Musique de Paris-ի երաժշտանոցը, աշակերտելով Նոէլ Պալլանի եւ Ալին Վան Պարենցենի։ Դաշնակի ուսման զուգահեռ կը հետեւի նաեւ Մարի-Գլէր Թրաշիէի տաւիղի դասընթացքներուն։ Տաւիղի հանդէպ ունեցած իր սէրը հետագային պիտի փոխանցէ իր սիրասուն զաւկին՝ Իրիսին, որ այսօր իր բազմաթիւ համերգներով հանրածանօթ եւ համբաւաւոր տաւղահարուհի մըն է։ Սոնան, Իրիսի բացառիկ յաջողութեան ընդմէջէն կը վայելէր իր յաղթանակը տաւիղի ուսման հետեւած տարիներուն։

Տիկին Սոնան ճանչցուած է առաւելաբար որպէս դաշնակահարուհի, շահած է դաշնակի առաջին կարգի շարք մը մրցանակներ, ինչպէս՝ Փարիզի École Supérieure de Musique-ի, Լէոփոլտ Պելլանի 1953-ին, Թուռ քաղաքի բարձրագոյն ազգային երաժշտանոցի սենեկային երաժշտութեան, եւ այլն։

Սոնայի երաժշտական տաղանդի պատմութեան անմոռանալի բաժինը կապուած է Փարիզի Հայ եկեղեցւոյ մատուցած իր ծառայութեան հետ։

Ան վարպետ էր մեներգերու դաշնակով ընկերակցութեան։ Կ՚ընկերանար յաճախ իր մօրաքրոջ՝ Իրիս Պիւլպիւլեանի մեներգներուն։ Տիկին Իրիսը, հոգելոյս Սերովբէ արքեպիսկոպոս Մանուկեանի հովուական տարիներուն, այս եկեղեցւոյ սոխակն էր, գեղեցիկ սոփրանօ իր ձայնով կը յուզէր հաւատացեալները՝ հմայիչ մեղեդիներով պայծառացնելով հայ պատարագին աննման գեղեցկութիւնը։ Խմբավար Արա Պարթեւեանի աչքի լոյսն էին Իրիս Պիւլպիւլեան եւ Սոնա Թորոսեան։

Սոնան ունէր նաեւ սահուն հայերէն խօսելու յատկութիւն։ Ծնողքը՝ Արշաւիր եւ Նեվրիկ Գաբրիէլեան, Ֆրանսա հաստատուած էին Իզմիթ-Նիկոմիդիոյ շրջանէն գաղթելով։ Հայախօս ընտանիք մը, որով Սոնան եւ եղբայրը՝ Նուրհան, որ մահացաւ 2019-ին, տան մէջ սովորութիւն ունէին իրարու եւ իրենց ծնողաց հետ հայերէն խօսելու։ Սոնան կը կարդար հայերէն գիրքեր, «Յառաջ» օրաթերթը եւ հայախօս իր ծանօթներուն կը գրէր հայերէնով։ Մանկութեան, հայերէնի դասատու, որոշ տարիք ունեցող ուսուցչուհի մը կու գար իրենց տունը մասնաւոր դասեր տալու։

Սոնային կենդանագրին անբաժան մասը կը կազմէ, ինչպէս ըսինք, դաշնակով ընկերանալու մասնագիտութիւնը։ Շնորհիւ իր այս մասնագիտութեան՝ Փարիզի Օփերայի դասական պարի պարուսոյցներուն փնտռուած դաշնակահարուհին էր։ Չմոռնանք ըսելու, որ միեւնոյնը կիրարկեց Անիէռի երաժշտանոցին մէջ ամբողջ 18 տարիներ։

1954-ին, օրդ. Սոնա Գաբրիէլեան, Փարիզի Սուրբ Յովհաննէս-Մկրտիչ մայր եկեղեցւոյ անդամակցելով, հոն ճանչցաւ ապագայ իր ամուսինը՝ պարոն Գեղամ Թորոսեանը, որու հետ ամուսնացաւ 1961-ին։ Իրենց պսակադրութիւնը օրհնուեցաւ երջանկայիշատակ Սերովբէ արքեպիսկոպոս Մանուկեանի կողմէ, այս (Փարիզի) եկեղեցւոյ սուրբ խորանին առաջ։ Այս միութենէն ծնունդ առին երեք զաւակներ՝ Վահէ, Ռուբէն եւ Իրիս։ Վահէն, այսօր գործարարական միջազգային ոլորտի մէջ ճանչցուած ղեկավար մըն է, Ռուբէնը՝ երաժիշտ, իսկ Իրիսը հանրաճանաչ եւ տաղանդաւոր տաւղահարուհի, որուն համերգներուն ձեզմէ շատեր հաւանաբար ներկայ գտնուած են։

Սոնան, պէտք է ըսել որ, եղաւ օրինակելի կին մը իր ամուսնոյն, մայր մը՝ իր զաւակներուն, եւ մեծ-մայր մը՝ իր թոռնիկներուն։ Սէր եւ համերաշխութիւն, տիրող առաքինութիւն էր իրենց ընտանեկան երդիքին տակ։ Իսկ Սոնան ճանչցողներու մտքին մէջ քանդակուած պիտի մնայ անոր դէմքին քաղցր ժպիտը, ինչպէս նաեւ յարգալից վերաբերումը դիմացինին հանդէպ, որոնք իր բնաւորութեան յատուկ գիծերն էին։

Վերադառնալով եկեղեցւոյ ծառայութեան, Սոնան ծառայութիւններ մատուցած է նաեւ Փարիզեան շրջանի հայ եկեղեցիներուն։

Պատմական օր մըն էր երբ 1975-ին երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. կաթողիկոսը կ՚օծէր Իսիի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին, այդ օր Սոնան կ՚ապահովէր նուագի բաժինը օրուան սուրբ պատարագին։

Այսպիսի դրուագներով լեցուն է Սոնայի կենսագրութիւնը։

Որչա՜փ տխուր է սա պահուն երբ այս անգամ «Ի վերինը…» կ՚երգուի եւ կը նուագուի իրեն համար, տխրութիւն մը, որ հաւատքի ճամբով սակայն կը փոխակերպուի երանութեան, որովհետեւ կը հաւատանք հրեշտակային դասերու կարգաւորութեան եւ պաշտօններուն, աղօթենք, որ երկնի եւ երկրի արարիչը երկնային տաճար մտնելու արժանացնէ զինք եւ ան շարունակէ այս անգամ նուագարաններու պաշտօնակատարութեամբ փառաբանել հրեշտակաց խումբերու հետ, Աստուծոյ սուրբ անունը։ Տիեզերաց լուսատու Քրիստոս Աստուածը, երանաւէտ հրեշտակներու լոյսով թող լուսաւորէ Սոնա Թորոսեան արժէքաւոր մեր քոյրը, հանգչեցնելով անոր հոգին սուրբերու կողքին։
Հանգիստ՝ ոսկորներուն։