 
                    Քննչական Կոմիտէն ստացած է «Իրազեկ քաղաքացիներու միաւորման» կողմէ ներկայացուած յանցագործութեան մասին հաղորդումը Մայր Աթոռի դիւանապետ Արշակ արքեպիսկոպոս Խաչատրեանին վերագրուող տեսանիւթի վերաբերեալ:
«Հաղորդումն ստացել ենք, այս պահին ուսումնասիրութեան փուլում է գտնւում»,-ըսած են Քննչական Կոմիտէէն։
Յիշեցնենք, որ Ընդհանուր դատախազութիւնն ընթացք տուած է «Իրազեկ քաղաքացիներու միաւորման» կողմէ ներկայացուած յանցագործութեան մասին հաղորդման՝ Մայր Աթոռի դիւանապետ Արշակ արքեպիսկոպոս Խաչատրեանին վերագրուող տեսանիւթի վերաբերեալ: Ընդհանուր դատախազութենէն այլ մանրամասնութիւններ չեն փոխանցած:
Օրերս նորայայտ թելեկրամեան ալիքի մը միջոցաւ հրապարակուած էին խիստ անձնական բնոյթի տեսանիւթեր, կից գրառմամբ՝ թէ այդտեղ Մայր Աթոռի դիւանապետն է: «Իրազեկ քաղաքացիներու միաւորում»ը յանցագործութեան վերաբերեալ հաղորդում ուղարկած էր դատախազութիւն՝ նշելով. «Առերեւոյթ յանցագործութիւն է, սրբազանի անձնական կեանքի գաղտնիութեան կոպիտ խախտում»: