Խօսելով խաղին մասին նշենք, որ ՀՄԸՄ խաղը աւարտած է փայլուն արդիւնքով յաղթանակ տանելով Լիբանանի Պասքէթպոլի առաջատար խումբերէն համարուող ՝ «Սաժես» ակումբին դէմ գրանցելով 97-80 պատուաբեր արդիւնք մը։
ՀՄԸՄ-ի մարզական խումբերը եւ յատկապէս Ֆութպոլի եւ Պասքեթպոլի խումբերը միշտ ալ ներշնչարան եղած են լիբանանահայ լայն հասարակութեանց համար ու հակառակ բոլոր մակարդակի դժուարութեանց ՀՄԸՄ կը շարունակէ աներեր կերպով ընթանալ իր առաքելութեան ուղիով։
Կիրակի գիշեր իրողապէս տօնական մթնոլորտ մը ստեղծուած է ՀՄԸՄ-ի Աղբալեան համալիրէն ներս (Անթիլիաս շրջան)։
Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ Լիբանանի մարզական լրահոսէն։
Մանրամասնութեանց մէջ կը նշուի, որ ՀՄԸՄ-ի Պասքէթպոլի առաջին խումբի պատասխանատուները խորհրդակցելէ ետք Լիբանանի Պասքեթպոլի գլխաւոր մարմնին հետ (Ֆետերասիոն) իրաւունք ստացած մարզադաշտի հարթակներ հրաւիրել պատանի համակիրներ։
Կը նշուի նաեւ, որ անցեալ խաղին ընթացքին ծագած վէճի մը հետեւանքով ՀՄԸՄ-ի համակիրները զրկուած էին խաղը դիտելու իրենց իրաւունքէն ու այդ վիճակը փարատելու նպատակով ՀՄԸՄ-ի պատասխանատուներ՝ գլխաւորութեամբ՝ Վահան Համամճեանի, Ռաֆֆի Թիւթէլեանի եւ Կի Մանուկեանի դիմած էին Լիբանանեան Պասքեթպոլի գլխաւոր խորհուրեին իրաւունք ստացած էին, խաղին թոյլ տալու մասնակցութիւնը՝ ՀՄԸՄ-ի պատանի համակիրներուն։
Վերադառնալով խաղին նշենք, որ ՀՄԸՄ խաղը աւարտած է փայլուն արդիւնքով յաղթանակ տանելով Լիբանանի Պասքէթպոլի առաջատար խումբերէն համարուող ՝ «Սաժես» ակումբին դէմ գրանցելով 97-80 պատուաբեր արդիւնք մը։
ՀՄԸՄ-ի մարզական խումբերը եւ յատկապէս Ֆութպոլի եւ Պասքեթպոլի խումբերը միշտ ալ ներշնչարան եղած են լիբանանահայ լայն հասարակութեանց համար ու հակառակ բոլոր մակարդակի դժուարութեանց ՀՄԸՄ կը շարունակէ աներեր կերպով ընթանալ իր առաքելութեան ուղիով։
Ի դէպ սոյն խաղին մասին լայն լրատուութիւն կատարած է Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթը մասնաւորապէս գրելով՝
Երէկ, Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութեան գծով, Մըզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեանց» մարզադաշտը վերածուած էր իսկական փառատօնի, ուր հարիւրաւոր պատանիներ ստեղծեցին գեղեցիկ մթնոլորտ մը սփռուեցաւ լիբանանեան «Էմ. Թի. Վի.» կայանէն, դրական երեւոյթ մը ստեղծելով լիբանանցի հանդիսատեսներուն մօտ ալ:
Մրցումը վերջ գտաւ ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի 97-80 արդիւնքով: Տուէյն Ճեքսըն 33 կէտ եւ 9 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Զեք Լոֆթըն տապըլ տապըլ իրագործեց` նշանակելով 27 կէտ, ձեռք ձգելով 10 ռիպաունտ եւ կատարելով 6 էսիսթ: Ճեքսըն 3 պլոք ալ կատարեց: Ժերար Հատիտեան 14 կէտ եւ 8 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Ժատ Խալիլ 9 կէտ եւ 7 ռիպաունտ: Կապրիէլ (Կէպի) Աճեմեան 6 կէտ նշանակեց եւ շատ լաւ ձեւով պաշտպանեց մրցակից օտար մարզիկին դէմ: Ճիմի Սալեմ եւ Էկպութա 4-ական կէտեր նշանակեցին: Ինչպէս նշեցինք, ՀՄԸՄ 7 մարզիկներով մասնակցեցաւ, մինչ Սաժեսի վիճակը հետզհետէ կը վատթարանայ եւ վերջին 4 մրցումներէն (ախոյեանութեան գծով) միայն մէկուն կրցած է յաղթել, երբ մինչեւ 8-րդ հանգրուան կը մնար անյաղթ: ՀՄԸՄ-ի տղաքը այժմ կը գրաւեն 5-րդ դիրքը եւ յաջորդ հանգրուանին պիտի մրցին Անթունիէի դէմ, այս վերջինիս դաշտին վրայ, ուրբաթ օր ժամը 19:00-ին:
Ստեղծելով նախընթաց ՀՄԸՄ պատանի համակիրները «գրաւեցին» դաշտն ու ամբողջ ակումբին սրտերը...@arevelk1 pic.twitter.com/hw07IzXfye
— arevelk.am (@arevelk1) February 5, 2024