Զապորոժիէի աթոմակայանը 10 օրէն կրնայ ամբողջութեամբ անջատուիլ, եթէ արտաքին ելեկտրամատակարարումը չվերականգնուի կամ լրացուցիչ մատակարարումներ չըլլան։ Այս մասին յայտարարած է Աթոմային Ելեկտրականութեան Միջազգային Գործակալութեան գլխաւոր տնօրէն Ռաֆայէլ Կրոսսին։
Ան նշած է, որ կայանը արդէն մէկ շաբաթէ զրկուած է արտաքին ելեկտրամատակարարումէն։
Աթոմակայանը արտաքին ելեկտրականութենէն զրկուած է Օգոստոս 20-ին, երբ վնասուած է ինքնաշխատ պաշտպանութեան համակարգը՝ անջատելով կայանին սեփական ելեկտրականութիւնը մատակարարող բարձրավոլթ գիծը։
Այդ ժամանակուան մամուլի ծառայութեան տուեալներով՝ անվտանգութեան համակարգին մէջ որեւէ անսարքութիւն չէ յայտնաբերուած, իսկ կայանի տարածքին եւ մշտադիտարկման տարածքին մէջ ճառագայթման մակարդակը բնականոն սահմաններու մէջ եղած է։