image
Հրատապ լուրեր:

«Սպիտակ սաղաւարտակիրներ»ը թունաւոր նիւթեր տեղափոխած են Սարաքէպ

«Սպիտակ սաղաւարտակիրներ»ը թունաւոր նիւթեր տեղափոխած են Սարաքէպ

Սուրիոյ մէջ ռուսական հաշտեցման կեդրոնի նախագահ Ալէքսէյ Սեկանքով յայտնած է, որ «Սպիտակ սաղաւարտակիրներ»ը մեծ քանակով թունաւոր նիւթեր տեղափոխած են Սուրիոյ Սարաքէպ քաղաքին մէջ գտնուող պահեստ մը, որ «Ահրար Ալ Շամ»ի կողմէ կը ղեկավարուի:

«Սփութնիք» լրատուական գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին Սեկանքով նշած է, որ թունաւոր նիւթերը երկու մեծ բեռնատար մեքենաներով տեղափոխուած են, միաժամանակ դիտել տալով, որ որոշ ժամանակ առաջ նոյնպէս մեծ քանակով թունաւոր նիւթեր տեղափոխուած են Իտլիպ, այնտեղ քիմիական յարձակում իրագործելու եւ Սուրիոյ կառավարութիւնը մեղադրելու նպատակով: