image

Սփիւռքահայ մտաւորականին «Թաքուն…անխօս» երգի շնորհանդէսը՝ Երեւանի մէջ

Սփիւռքահայ մտաւորականին  «Թաքուն…անխօս» երգի շնորհանդէսը՝ Երեւանի մէջ

Սփիւռքահայ գրող-հրապարակախօս, Նիւ Եորքի գիտութիւններու ակադեմիայի պատուաւոր անդամ՝ Յակոբ Այնթապլեանի բանաստեղծութեան հիման վրայ գրուած երգի երաժշտութեան հեղինակն է ԵՊԿ դասախօս, երգահան Մարգարիտ Սարգսեանը:

 

18 Օգոստոսին Ա. Սպենդիարեանի տուն-թանգարանի դահլիճին մէջ կայացաւ «Թաքուն…անխօս» երգի երեւանեան շնորհանդէսը։ Տեղեկութիւնը ստացանք թանգարանէն:

Սփիւռքահայ գրող-հրապարակախօս, Նիւ Եորքի գիտութիւններու ակադեմիայի պատուաւոր անդամ՝ Յակոբ Այնթապլեանի բանաստեղծութեան հիման վրայ գրուած երգի երաժշտութեան հեղինակն է ԵՊԿ դասախօս, երգահան Մարգարիտ Սարգսեանը:

Ցուցադրուեցաւ երգի տեսահոլովակը՝ հանրապետական եւ միջազգային մրցոյթներու դափնեկիր՝ Անդրանիկ Մալխասեանի մասնակցությամբ, իսկ միջոցառման ընթացքին, ներկաները «Թաքուն…անխօս» երգը վայելեցին օփերայի երգչուհի՝ Տիանա Յարութիւնեանի անզուգական կատարմամբ:

Միջոցառման ընթացքին, նշանաւոր գիտնական՝ Յակոբ Այթապլեան հանդէս եկաւ «Հայոց լեզուն եւ հայրենատիրութիւնը» խորագրով բանախօսութեամբ:

Յագեցած երեկոն աւարտեցաւ համերգով։ հայ երգահաններու ստեղծագործութիւնները հնչեցին սոփրանօ Տիանա Յարութիւնեանի եւ դաշնակահար Մարգարիտ Սարգսեանի կատարմամբ: 

Միջոցառումը նախաձեռնեց եւ վարեց Վահագն Զաքարեանը: