image

Արեւմտահայերենով թատրոն՝ Երեւանում. Նշան Պէշիկթաշլեանի երգիծանքը

Արեւմտահայերենով թատրոն՝ Երեւանում. Նշան Պէշիկթաշլեանի երգիծանքը

Թէեւ աւելի նուազ ծանօթ, այսուհանդերձ՝ Յակոբ Պարոնեանի, Երուանդ Օտեանի, Լեռ Կամսարի կողքին, Ն. Պէշիկթաշլեան ունի իր ուրոյն տեղը եւ իւրայատուկ երգիծական ոճը հայ երգիծագիրներու շարքին մէջ։ 

Այս ընթերցումով Պէշիկթաշլեանի սուր երգիծանքին կ՚արժանան 1960-ականներուն Ֆրանսա հաստատուած հայերը, իրենց կենցաղին, համայնքային կեանքին  ու ընկերային յարաբերութիւններուն գծագրումով։

Թատերական ընթերցումի միջոցով  պիտի ներկայացուին երգիծագիրին «Հետեւողական հայուհին», «Սպասում», «Վաղարշ Սամուէլեան», եւ «Օտարատեաց կին մը»:

Ընթերցողներ. Այտա Մինասեան, Ատուր Պոսնոյեան, Պետրոս Չաւիք, Արփի Քիլէճեան, Գարլա Իսթանպուլեան, Վիքթորիա Կիւրիւնեան, Աբիկ Չագըրեան եւ Ժանէթ Աւանէսեան:

 

Վայր՝ «Յառաջ» կեդրոն (Լեռ Կամսար 29, Ամերիկեան համալսարանին մօտ)

Կիրակի, 28 Յուլիս 2024

Ժամ՝ 18:00

 

Յառաջ արեւմտահայերէնի աշխատանոց