Թուրքիա« («Տէյլի Սապահ»- Պոլիս) – Ըստ «Տէյլի Սապահ»ին, Ճօ Տը Լա Մաթա, Սպանական Ազգային դատարանի (udiencia Nacional) անդամ դատաւոր մը, հրամայած է երկրի ապահովական ուժերուն տեղիակ պահել զինք, երբ Իսրայէլի Վարչապետ Բէնիամին Նաթանիահուն եւ նախարար Բէնիամին Պեկին եւ նախկին չորս նախարարներ Սպանիա հասնին, վերսկսելու համար Մաւի Մարամարա յարձակումի յետաքննութեան:Նախարարներու ցանկը կ'ընդգրկէ նախկին նախարարներ՝ պատպանութեան նախարար Էհուտ Պարաք, Էվիկտոր Լիպըրման, Մուշէ Եաալոն, Էլի Եիշարի եւ փոխծովակալ Էլիզէր Մարոմ, որ Իսրայէլեան նաւատորմին հրամանատարն էր, երբ յարձակումը տեղի ունեցաւ:Տը Լա Մաթա հաստատեց, թէ եօթը կասակածեալները յետաքննութեան պիտի ներկայանան Սպանիոյ մէջ հարցը վերսկսելու, որու հետեւանքով հաւանականութիւն կայ, որ Իսրայէլացի պաշտօնեաները բանտարկուին, երբ ոտք դնեն Սպանիա:Վերջերս Սպանիոյ ազգայնականներու իրաւական պայքարը երկրին մէջ, որ կը նպատակադրէր վերացնել ազգային դատարանի իրաւասութիւնները միջազգային պատահարներու հայցերը ներկայացուելու պարագային, դիմագրաւած է իրաւական եւ քաղաքական խոչընդոտներ, այսպիսով դատաւորներ Բապլօ Ռուզ եւ Տը Լա Մաթա պատուիրեցին կասեցնել յետաքննութիւնը եւ դատավարութիւնը ուղարկել Արդարադատութեան Միջազգային Դատարան (ICJ)՝ կեդրոնացած Հանքոյի մէջ՝ Հոլանտա: