image
Հրատապ լուրեր:

Ռուսիոյ եւ Իրաքի ԱԳ նախարարները քննարկած են իրադրութիւնը Սուրիոյ եւ Կազայի հատուածին մէջ

Ռուսիոյ եւ Իրաքի ԱԳ նախարարները քննարկած են իրադրութիւնը Սուրիոյ եւ Կազայի հատուածին մէջ

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը Նիւ Եորքի մէջ Իրաքի փոխվարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար Ֆուատ Հուսէյնի հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին քննարկած է երկու երկիրներուն միջեւ համագործակցութեան զարգացումը, ինչպէս նաեւ Կազայի եւ Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակը։ Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը, այս մասին կը տեղեկացնէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը։

«Նախարարները քննարկեցին ռուս-իրաքեան աւանդական բարեկամական յարաբերութիւններու հրատապ հարցերը՝ հաստատելով քաղաքական երկխօսութեան խորացման եւ առեւտրատնտեսական, մարդասիրական ու այլ ոլորտերու մէջ փոխշահաւէտ համագործակցութեան ընդլայնման փոխադարձ տրամադրուածութիւնը»,– կը նշուի Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան կայքին վրայ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ։

Բացի այդ, նախարարները միտքեր փոխանակած են միջազգային եւ տարածաշրջանային օրակարգի արդիական հարցերու շուրջ։ «Ընդ որում, յատուկ ուշադրութիւն դարձուեցաւ Կազայի ճգնաժամին։ Նախարարները ընդգծեցին անյապաղ հրադադարի, պատանդներու ազատ արձակման եւ բոլոր կարիքաւորներուն մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ միջազգային ճիգերու աշխուժացումը իսրայէլա-պաղեստինեան հակամարտութեան կայուն եւ համապարփակ կարգաւորման հասնելու համար»,– նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Նշուած է նաեւ, որ զրուցակիցները ընդգծած են Սուրիոյ յետբախումային եւ անցումային շրջանին այդ երկրի իշխանութիւններուն աջակցելու կարեւորութիւնը։