image

«Սիրոյ սեղան» եւ հաւաքոյթ-ճաշ՝ ի պատիւ Թեսաղոնիկէի նոր նշանակուած հոգեւոր հովիւին եւ նոր թաղական խորհուրդի անդամներուն

«Սիրոյ սեղան» եւ հաւաքոյթ-ճաշ՝ ի պատիւ  Թեսաղոնիկէի նոր նշանակուած հոգեւոր հովիւին  եւ նոր թաղական խորհուրդի անդամներուն

Չորեքշաբթի, 24 Յունուար 2018-ի կէսօրուան ժամը 3։00-ին, հիւրընկալութեամբ Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ Տիկնաց Միութեան, եկեղեցւոյս կից գտնուող «Հայաստան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ «Սիրոյ Սեղան» եւ Հաւաքոյթ-Ճաշ՝ ի պատիւ Թեսաղոնիկէի նորանշանակ Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեանի եւ տեղւոյս նոր Թաղական Խորհուրդի անդամներուն, ներկայութեամբ Հոգշ. Հայր Սուրբին, Թաղական Խորհուրդի հին եւ նոր անդամներուն, ինչպէս նաեւ Թեսաղոնիկէի Ազգ. Վարչութեան անդամուհիին։

Առ այդ, Տիկնաց Միութեան կողմէ պատրաստուած էին աղանդերներ, համադամ առատ ճաշեր, ըմպելիքներ եւ անուշեղէն։ «Սիրոյ Սեղան»ին շուրջ ստեղծուեցաւ ուրախ մթնոլորտ, մեծ ընտանիքի ջերմութիւն եւ լաւ ժամանց։

Աւարտին, բոլորը միասնաբար իրարու համար կատարեցին բարեմաղթութիւններ՝ Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով, ինչպէս նաեւ շնորհակալական եւ երախտագիտական սրտի խօսքեր եւ բարի աշխատանք մաղթեցին յառաջիկայ տարիներուն կատարուելիք կարեւոր աշխատանքներուն, որոնք միասնակամ ոգիով պիտի կատարուին համայնքի բարօրութեան եւ անսասանութեան ի խնդիր։

Առ այդ, Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդը իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ Տիկնաց Միութեան անդամուհիներուն, իրենց այս մտայղացումին համար եւ կը մաղթէ յարատեւ վերելք, յաջողութիւն եւ փափաքներու իրականացում։