Մոսկուան կ՚ակնկալէ, որ հոկտեմբեր 18-ին Թուրքիոյ մէջ Արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով կայացած հանդիպումէն ետք «3+3» ձեւաչափով (Ատրպէյճան, Հայաստան, Վրաստան, Ռուսիա, Թուրքիա, Իրան) աշխատանքները պիտի աշխուժանան։
Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սերկէյ Շոյկուն:
«Հարաւային Կովկասի մէջ մենք ըրած ենք եւ կը շարունակենք ընել հնարաւորը «3+3» խորհրդատուական տարածաշրջանային հարթակի ամրապնդման համար: Մենք կ՚ակնկալենք, որ (Իսթանպուլի մէջ) նախարարներու հանդիպումէն ետք այդ մեխանիզմի աշխատանքը պիտի աշխուժանայ»,- նշած է ան Մոսկուայի մէջ Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) երկիրներու անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներու հանդիպման։