«Շուշիի համար մարտերը կը շարունակուին» այս մասին գրառում կատարած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։
Նշենք, որ այսօր յետմիջօրէին Շուշիի ճակատագրին վերաբերեալ տարաբնոյթ լուրեր տարածուած էին։
Արցախի Հանրապետութեան մամլոյ խօսնակ Վահրամ Պօղոսեան գրած էր, որ Շուշին ինկած է թշնամիին ձեռքը, իսկ անկէ ետք նախագահի խորհրդական Դաւիթ Բաբայեան կարճ հարցազրոյց մը տալով նկատել տուած էր, որ Շուշին կը հանդիսանայ ռազմական գործողութիւններու թատերաբեմ։
Ամէն պարագայի աւելի քան յստակ է, որ հայկական ուժերը ուժեղ դիմադրութիւն ցոյց կու տան եւ բոլոր կարելի միջոցները կը փորձեն պաշտպանեն հերոսական Արցախի քաղաքներն ու սահմանները։