image

Ուքրանիոյ մէջ ռшզմական գործողութիւնները պիտի շարունակուին. Ռուսիոյ Զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետ

Ուքրանիոյ մէջ ռшզմական գործողութիւնները պիտի շարունակուին. Ռուսիոյ Զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետ

Ռուսիոյ Դաշնութեան զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետ Վալերի Կերասիմով ամփոփած է գարուն-ամառ ռազմական գործողութիւններուն արդիւնքները եւ ներկայացուցած զօրքերու առաջիկայ խնդիրները։ Կերասիմովի ելոյթի տեսանիւթը հրապարակած է ՌԴ պաշտպանութեան նախարարութիւնը։

Կերասիմովի խօսքով՝ Լուկանսքի մարզի 99,7 տոկոսը եւ Տոնեցքի մարզի շուրջ 79 տոկոսը կը գտնուին ռուսական ուժերու վերահսկողութեան տակ։ Ան նշած է նաեւ, որ Զափորոժիէի 74 տոկոսը եւ Խերսոնի 76 տոկոսը եւս կը վերահսկուի Ռուսիոյ կողմէ։

Ըստ Կերասիմովի՝ ռուսական զօրքերը շարունակած են առաջ շարժիլ Սումիի, Խարքովի եւ Տնեփրոփետրովսքի մարզերուն մէջ։ Մարտէն ի վեր վերահսկողութեան տակ անցած է աւելի քան 3,5 հազար քառ. քմ տարածք եւ 149 բնակավայր։

Անոր խօսքով՝ գարուն-ամառ շրջանին հարուածներ հասցուած են 76 ռազմական կառոյցներու։

Կերասիմով ընդգծած է, որ Սումիի եւ Խարքովի մարզերուն մէջ ռուսական կողմը կը շարունակէ իրականացնել անվտանգութեան գօտիի ստեղծման գործընթաց։ Ան աւելցուցած է, որ շարք մը ուղղութիւններով ռուսական զօրքերը բարելաւած են դիրքերը եւ վերահսկողութեան տակ վերցուցած նոր բնակավայրեր։

Գլխաւոր շտապի պետը յայտարարած է, որ «յատուկ ռազմական գործողութիւնը» պիտի շարունակուի։