Հայաստանի Հանրապետական եւ «Հայրենիք» կուսակցութիւններու երիտասարդները 8 մայիսին, բողոքի հաւաք իրականացուցին Կառավարութեան շէնքին մօտ:
«Մեր պաստառների վրայ գրուած է «պատիւ ունեցէք», որն ուղղուած է այս իշխանութեանը, որի թեթեւ ձեռքով որպէս երկիր, որպէս երկրի քաղաքացիներ, այսօր գլուխներս խոնարհում ենք, թէ՛ միջազգային հանրութեան առջեւ, թէ՛ առհասարակ: Իրականում մեր երկխօսութիւնը սրանց հետ չէ, մենք յոյս չունենք, որ սրանց մէջ կը զարթնի պատիւն ու արժանապատուութիւնը, մեր երկխօսութիւնը միջազգային հանրութեան եւ հայ հասարակութեան հետ է»,-ըսաւ «Հայրենիք» կուսակցութեան մամլոյ խօսնակ` Սոս Յակոբեան:
ՀՀԿ երիտասարդական թեւի ներկայացուցիչ՝ Հայկ Մամիճանեան ըսաւ, որ իրենք իրենց հետ Կառավարութեան շէնք բերած են Սուրբ Ղազանչեցոց վանքի գմբեթը, որ այս իշխանութիւններու «թեթեւ» ձեռքով այլեւս այս տեսքը չունի:
«Այս պայքարը առաջինը Ղազանչեցոցը այս գմբեթով տեսնելու համար է, ոչ թէ մանտաթի, կամ որեւէ այլ բանի»,- աւելցուց Մամիճանեան:
Նշենք, որ անոնք նոյն օրը բաց նամակ յանձնած են ՀՀ-ի մէջ Ռուսաստանի Դաշնութեան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի դեսպանատուներուն, ինչպէս նաեւ Եւրոպական միութեան եւ Եւրոպայի խորհուրդի պատուիրակութիւններու ու Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան երեւանեան գրասենեակներուն։
Նամակով բարձրաձայնուած են 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին եւ անոր աւարտէն ցայսօր Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուած ռազմական յանցագործութիւններու, գերիներու վերադարձի եւ պատմամշակութային արժէքներու ոչնչացման դէպքերը: