Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Հայաստանի ներկայացուցիչ ՝Արէն Տէյիրմենճեան կը գրէ՝
Կրկին տարուան ճիշդ այն ժամանակն է, երբ AMAA-ի (Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան) բազմաթիւ «դերակատարներ» կը բռնեն հայրենիքի ճանապարհը՝ իւրաքանչիւրը ծառայելով խճանկարի կտորները միաւորելու որոշակի նպատակի։
Ինչպէս ամէն տարի, մենք պատիւ ունեցանք՝ ողջունելու մեր գործադիր տնօրէն պր. Զաւէն Խանճեանը, որ պահպանեց այն առաքելութիւնը ընդգծելու բարի սովորոյթը, որուն մենք կոչուած ենք, եւ վերահաստատեց AMAA-ի անսասան աջակցութիւնը՝ չնայած Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն:
Մեր բժշկական առաքելութեան խումբը Վանաձորի, Ստեփանաւանի եւ Գիւմրիի մէջ նշեց իր ծառայութեան 14-րդ տարին, մինչ 20 երիտասարդէ բաղկացած խումբը եկած էր մասնակցելու կամաւորական ծրագիրին։ Այս ծրագիրները նոր սերունդը կը ներգրաւեն մեր կազմակերպութեան մէջ եւ կ'օգնեն անոնց կապ ստեղծելու Հայաստանի հետ, ինչ որ ոչ միայն զգացական է, այլեւ պատասխանատու եւ պարտաւորեցնող:
Կապը նաեւ Արցախի մեր նախաձեռնութիւններու հիմքին մէջն է: Բնակչութիւնը կը շարունակէ ապրիլ իր պատմութեան ամենածանր էջերէն մէկը։ Բան մը, որ ունակ է ազգը կանգուն պահելու, այն միասնութիւնն է, որ իւրաքանչիւր արցախցի կրնայ զգալ, երբ աշխարհի ամէն հայ ոտքի կանգնի իրեն համար: Մինչդեռ կապը հայերու միջեւ միայն հորիզոնական չէ: Մենք նաեւ պէտք է գիտակցինք անոր ուղղահայեաց կողմը, որ վեր է մեր մարդկային հասկացողութենէն: Եւ դժուար ժամանակներուն է, որ այս կապն աւելի շօշափելի կը դառնայ:
Ինչպէս կ'ըսէ Սուրբ Օկոստինոս. «Աղօթե՛նք այնպէս, կարծես ամէն ինչ կախուած է Աստուծմէ եւ աշխատի՛նք այնպէս, կարծես ամէն ինչ կախուած է մեզմէ»: