image
Հրատապ լուրեր:

Շարք մը քոնկրեսականներ քննադատած են ԱՄՆ նախագահի յայտարարութիւնը Կազայի բնակիչները վերաբնակեցնելու վերաբերեալ

Շարք մը քոնկրեսականներ քննադատած են ԱՄՆ նախագահի յայտարարութիւնը Կազայի բնակիչները վերաբնակեցնելու վերաբերեալ

Միացեալ Նահանգներու Դեմոկրատական ​​կուսակցութեան ներկայացուցիչ Ալ Կրինը Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու պալատին մէջ յայտարարած է, որ իմփիչմենթի (անվստահութիւն եւ հրաժարականի պահանջ) բանաձեւ ներկայացուցած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի դէմ՝ մեղադրելով անոր Կազան էթնիք զտումներու ենթարկելու մտադրութեան մէջ։

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ իր ելոյթի տեսանիւթը Կրինը տարածած է X հարթակով։

«Կազայի մէջ էթնիք զտումները կատակ չեն, յատկապէս, երբ այդ մասին կը յայտարարուի Միացեալ Նահանգներու նախագահի՝ աշխարհի ամենահզօր անձնաւորութեան կողմէ», - նշած է ան՝ աւելցնելով, որ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն պէտք է ամչնայ՝ իմանալով իր ժողովուրդի պատմութիւնը, եւ պէտք չէ թոյլ տայ, որ նման յայտարարութիւններ ըլլան։

Ամերիկացի անկախ ծերակուտական Պըռնի Սանտըրսն իր հերթին քննադատած է  Միացեալ Նահանգներու նախագահի ծրագիրը՝ Կազայի հատուածը վերահսկողութեան տակ վերցնելու վերաբերեալ։

««Խաղաղութեան ջատագով» Թրամփը կ՚ուզէ 2 միլիոն պաղեստինցիներ դուրս հանել իրենց տուներէն, Նաթանիահուին տալ եւս մէկ միլիառ տոլարի զէնք եւ նպատակ ունի իրագործել «ծրագիր»՝ աւերուած Կազայի հատուածը վերածելու միլիառատէրերու Ռիվիերայի», - գրած է ան X ցանցի իր էջին:

Դեմոկրատ ծերակուտական Քրիս Վան Հոլընը CNBC հեռուստաալիքին տուած հարցազրոյցին ըսած է, որ Թրամփի յայտարարութիւնը «կը նշանակէ էթնիք զտումներ իրականացնել պաղեստինցիներու դէմ»՝ աւելցնելով, որ արաբական երկիրները միասին յայտարարած են տեղահանման առաջարկի մերժման մասին։

Իր հերթին, Ներկայացուցիչներու պալատի դեմոկրատ անդամ Ճէյք Օչինքլըսը CNN-ին տուած հարցազրոյցին յայտարարած է, որ այս առաջարկը «անխոհեմ» է ու «անհիմն» եւ կրնայ վնասել Կազայի հատուածին մէջ հրադադարի երկրորդ փուլի ընթացքին։

Դեմոկրատական ծերակուտական Քրիս Քունսը Թրամփի առաջարկը որակած է որպէս «խելակարութիւն»։

Այս ծիրէն ներս դեմոկրատ Ռաշիտա Թլաիպը X-ի էջին գրած է, որ պաղեստինցիները ոչ մէկ տեղ պիտի տեղափոխուին։ Ան Տանըլտ Թրամփի գաղափարն անուանած է «մոլեռանդ անհեթեթութիւն»՝ աւելցնելով, որ Քոնկրեսին մէջ կ՚աջակցին ցեղասպանութեան եւ էթնիքական զտումներու ֆինանսաւորման: