Այսօր առաւօտեան բողոքի ցոյց տեղի ունեցած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի փողոցին վրայ՝ Սուրբ Աստուածածին աթոռանիստ եկեղեցւոյ դիմաց: Փոխանցելով լուրը՝ Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթը կը տեղեկացնէ, որ Պոլսոյ մէջ գործող «Միտք» հարթակի կոչին հետեւելով, ցոյցին մասնակցած են սակաւաթիւ պոլսահայեր, որոնք կը պատրաստուէին սեւ ծաղկեպսակ զետեղել պատրիարքարանի պարիսպներուն մօտ: Պոլսահայերու խումբը որպէս ցոյցի կարգախօս ընտրած է «Մենք կ'ուզենք մեր պատրիարքը մենք ընտրենք»: Անոնք հանդէս պիտի գան նաեւ յայտարարութեամբ, որու միջոցաւ ուշադրութիւն պիտի հրաւիրեն պատրիարքական ընտրութեան՝ այս պահուն առկախուած խնդրին վրայ:
Մինչ այդ, Մոսկուայէն Պոլիս վերադարձած է Պոլսոյ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ Աթէշեանը: Ինչպէս յայտնի է՝ Արամ Աթէշեանը այսօր պիտի ժամանէր Երեւան՝ յառաջիկայ օրերուն մասնակցելու Հռոմի Պապի այցելութեան միջոցառումներուն: Թուրքիոյ նախագահին գրած նամակէն ետք Արամ Աթէշեանի դէմ բողոքի ալիք սկսած է Հայաստանի մէջ: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Ժամանակ» օրաթերթը, սրբազանը իր այցը չեղեալ յայտարարած է՝ Հռոմի Պապի այցելութեան տօնական օրերուն Հայաստանի մէջ աւելորդ լարուածութիւններու տեղիք չտալու համար: