Երէկուան (28 դեկտեմբերի) դէպքերէն ետք Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը կապի մեջ է Երուսաղէմի հայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ եւ խորապէս անհանգստացած է։ Այս մասին յայտնած են Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակէն՝ անդրադառնալով Երուսաղէմի հայկական թաղամասին մէջ տասնեակ իսրայէլացիներու կողմէ տեղի հայերու վրայ յարձակման միջադէպին։
Գրասենեակը մտահոգուած է նաեւ ինչպէս վերջին ամիսներուն, այնպէս ալ վերջին տարիներուն՝ «Կովերու պարտէզ»-ի վերաբերեալ Պատրիարքարանի կողմէ պայմանագրի ստորագրման կապակցութեամբ, որու վերաբերեալ ինչպէս հանրութիւնը, այնպէս ալ գրասենեակը տեղեկացուած է իրողութենէն ետք։
«Պէտք է նշել, որ գրասենեակը որքան էլ անհանգստացած է տիրող իրավիճակով, այնուամենայնիւ չունի որեւէ ազդման լիազօրութիւն, քանի որ հարցը գտնւում է բացառապէս իրաւական դաշտում, որտեղ պայմանագրի ստորագրող կողմերը պէտք է դատական կարգով հասնեն հանգուցալուծման»,- նշած են գրասենեակէն եւ լիայոյս են, որ հրէական իրաւապահ համակարգն այլեւս չի թոյլատրեր նման յարձակումներ Պատրիարքարանի ուղղութեամբ, եւ Պատրիարքարանի տարածքը կը մնայ հայկական։
Յիշեցնենք, որ 28 դեկտեմբերին ժամը 12:40-ին խումբ մը ահաբեկիչներ սեւ հագուստներով եւ դիմակներով, թիւով շուրջ 30 հոգի, փայտերով զինուած, արցունքաբեր նռնակներով եւ այլ տեսակի միջոցներով յարձակում գործած են Երուսաղէմի հայկական թաղամասի «Կովերու պարտէզ» տարածքին մէջ գտնուող հայերու վրայ` անոնց վնասելու, տարածքէն դուրս հանելու եւ ահաբեկելու նպատակով:
Ահաբեկիչները քարեր սկսած են նետել հայերուն վրայ: Հայ երիտասարդներն ու անակնկալի եկած հայ հոգեւորականները իսկական մարտի բռնուած են անոնց դէմ` համարժէք պատասխանելով եւ պահելով տարածքը` մինչեւ 200 մեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող հին քաղաքի ոստիկանները ուշացումով կը յայտնուէին դէպքի վայր: Յարձակումը կասեցուած է: Յարձակողներէն 6-ը եւ 2 հայ տարուած է ոստիկանութիւն:
Երուսաղէմի պատրիարքարանէն յայտնած են, որ ծանր վնասուածքներ ստացած են Հայկական հոգեւոր ակադեմիայի քանի մը քահանաներ, սարկաւագներ, ուսանողներ, բնիկ հայեր:
Ձերբակալուած երկու հայ երիտասարդները 29 դեկտեմբերին ազատ արձակուած են։
Աղբիւրը՝ Tert.am