Օրերս Պոլսոյ մէջ գլխաւորութեամբ Ամեն. Տ. Սահակ Բ. Պատրիարքի երախտիքի եւ շնորհակալական խօսքերու հնչեցման հանդիպում մը կայացած է ի պատիւ Պատրիարքարանի երկարամեայ աշխատակցուի՝ Տիկին Սոնա Կիւզէլեանին։
Այս առթիւ Պոլսոյ «Մարմարա» պարբերականը հրապարակած է ամփոփ լրատւութիւն մը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ՝
Ամէն անգամ երբ ոեւէ մէկը կը զանգէ Պատրիարքարան եւ նախապատուութիւնը կուտայ հայերէնով խօսակցելու ընտրանքին, նախ եւ առաջ կը լսէ Պատրիարքարանի երկարամեայ աշխատակից Տիկին Սոնա Կիւզէլեանի ձայնը։
Ամուսնութեան, յուղարկաւորութեան եւ եկեղեցական մնացեալ խորհրդակատարութիւններու համար Պատրիարքարանի եւ դիմողի կամ դիմողներու միջեւ կամուրջը կը հաստատուի Տիկին Սոնային կողմէ, համապատասխան օրերը կը ճշդուին, անհրաժեշտ լուսաբանութիւնները կը կատարուին եւ գործը ապահովաբար կը հասնի իր լրումին։
Համայնքային մարմիններու, պարզ անդամներու համար ան «Պատրիարքարանի Տիկին Սոնա»ն է որ երեսնամեայ աշխատանքային կենսագրութեան վերջակէտը դրաւ նախընթաց օր։ Պատրիարքարանի անձնակազմը երախտագիտութեան պարտք ունէր անոր նկատմամբ։ Հաւաքոյթ սարքուեցաւ Ամեն. Ս. Պատրիարքի գլխաւորութեամբ, գնահատուեցաւ մեծարեալի երկարամեայ վաստակը եւ յաջողութեան մաղթանքներ հնչեցին՝ հետագայ կեանքի համար։
Ստորեւ՝ պատրիարքարանի լրատուութիւնը.-
Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 31 Յունուար 2024, Չորեքշաբթի, յետ միջօրէին, Պատրիարքարանի փոքր դահլիճին մէջ գլխաւորեց Պատրիարքարանի անձնակազմի հաւաքին։
Աթոռիս բազմամեայ ծառայող, Խորհրդակատարութեան գրասենեակի քարտուղար Սոնա Կիւզէլեան, աւելի քան երեսուն տարիներու անխոնջ ծառայութենէ ետք հանգստեան կոչուեցաւ։ Նորին Ամենապատուութիւնը հաւաքի ընթացքին բարձր գնահատեց Սոնա Կիւզէլեանի նուիրեալ ծառայութիւնը եւ ըսաւ, որ անոնք հանդերձ ընտանեօք մեր եկեղեցւոյ ծառայութեան մէջ են։ Երեսուներկու տարի Կիւզէլեան, առանց արձակուրդի եւ խիստ կանոնաւորութեամբ ծառայեց այս Աթոռին, արժանանալով Գարեգին Բ., Մեսրոպ Բ. եւ Սահակ Բ. պատրիարքներու եւ հաւատացեալ ժողովուրդի գնահատանքին։
Մեր Հոգեւոր Պետը դիտել տուաւ, որ այսօր ան կը թողու իր պաշտօնը, սակայն կը մնայ Պատրիարքական Աթոռոյ պաշտօնէութեան ընտանիքին հարազատ անդամը եւ պատրաստ է գործակցելու ամէն անգամ երբ անհրաժեշտ կ’'ըլլայ իր ներկայութիւնը կամ աշխատակցութիւնը։
Պատրիարք Հայրը այս առիթով Սոնա Կիւզէլեանին նուիրեց գեղեցիկ խաչ մը եւ արեւշատութիւն մաղթեց կեանքին յառաջիկայ օրերուն։
Սոնա Կիւզէլեան շնորհակալութեան խօսքով հանդէս եկաւ եւ ըսաւ որ աւելի քան երեք տասնեակ տարիներու ընթացքին իր տունը նկատած է Պատրիարքարանը եւ ծառայած՝ ուրախութեամբ, իսկ հիմա հրաժեշտ կ'առնէ ներքին գոհունակութեամբ եւ աղօթելով Աթոռոյ հաստատութեան ու անսասանութեան համար։