Յունաստանի մէջ այսօր՝ 25 յունուարին տեղի պիտի ունենայ Ալեքսանտր Սարուխանի ծաղրանկարչական գործերու ցուցահանդէսի բացում, Փ. Ֆալիրոյի Մշակութային Կեդրոնէն ներս: Ցուցահանդէսը կազմակերպուած է Հ. Բ. Ը. Միութեան Յունաստանի Կեդրոնական Յանձնաժողովի կողմէ, Փ. Ֆալիրոյի քաղաքապետութեան հովանաւորութեամբ:
Ցուցահանդէսը բաց պիտի ըլլայ մինչեւ կիրակի, 29 յունուար 2017, առաւօտեան ժամը 9.00-14.00 եւ երեկոյեան ժամը 17.00-20.30: