image

Սարգիսներու առեղծուածը. Գրեց՝ Բագրատ Էսդուգեան

  Սարգիսներու առեղծուածը. Գրեց՝ Բագրատ Էսդուգեան

Կայ Սար­գիս մը եւս իմ պատ­մութեան մէջ։ Հսկայ մըն է ան։ Ան­փո­խարի­նելի հսկայ մը։ Այս կ՚ըսեմ բո­լորո­վին անձնա­կան փոր­ձով, քա­նի որ փոր­ձած եմ փո­խարի­նել եւ չեմ յա­ջողած։ «Ակօս»ի հա­յերէն էջե­րու նախ­կին աւագ խմբա­գիրն էր ան։ Մեր ժո­ղովուրդի ո՛չ թէ հո­գեւո­րական­նե­րու ձեռ­քով պաշ­տօ­նակա­նացած, այլ հա­սարակ ժո­ղովուրդի ապ­րումնե­րով, առաս­պելնե­րով ձե­ւաւո­րուած պատ­մութեան տի­տանը։ Մին­չեւ օրս ամե­նաշատ ես եմ որ կ՚ապ­րիմ իր բա­ցակա­յու­թեան պատ­ճա­ռած բաց­թո­ղու­մը։

 

 

 

Քա­նի որ չու­նի տրա­մաբա­նական որե­ւէ հիմք, բո­լորո­վին պա­տահա­կանու­թիւն պէտք է ըլ­լայ իմ ճանչցած բո­լոր Սար­գիսնե­րու հա­սարակ յայ­տա­րարը՝ բա­րի վար­քը ու շնորհքը։

Իս­կա­պէս անի­մաստ է նման հաս­տա­տում, քա­նի որ առողջ մտա­ծողու­թեան տէր ոչ ոք պի­տի հա­մար­ձա­կի բա­րի վար­քը ու շնորհքը անու­նով մը բա­ցատ­րե­լու։

Ո՞վ գի­տէ քա­նի՜ քա­նի ան­պի­տան Սար­գիսներ կան այս աշ­խարհի վրայ։ Խնդի­րը այն է թէ ես եր­բեք չեմ հան­դի­պած նման­նե­րուն։

Իմ յի­շողու­թեան մէջ առա­ջին Սար­գի­սը պա­տանե­կան ըն­կերս էր։ Ինք շատ բա­րի, բայց միշտ կը գնա­հատէր չա­րը։ Օրի­նակի հա­մար «Սփա­կեթ­թի Վես­տերննե­րու» օրե­րուն իր կուռքը Լի Վան Քլիֆն էր, փո­խանակ ֆիլ­մի գե­ղադէմ ու վա­յելուչ հե­րոսին։ Կը սի­րէր զէն­քե­րը, բայց եր­բեք չէր վնա­սած ոեւէ մէ­կուն, կամ նոյ­նիսկ կռի­ւի մը չէր մաս­նակցած, ինչ որ սո­վորա­կան բան էր վաղ երի­տասար­դութեան այդ տա­րինե­րուն։ Բա­նակի ծա­ռայու­թեան շրջա­նին զի­նըն­կեր ու­նե­ցայ մի այլ Սար­գիս, որ դար­ձեալ հեզ ու բա­րի անձ մըն էր։

Աւե­լի ուշ ծա­նօթա­ցայ բա­ռին բուն իմաս­տով ազ­նո­ւական Սար­գի­սի մը հետ, որ ինչպէս պի­տի ըսեն հա­յաս­տանցիք՝ «թա­ղին աղո­ւոր տղան էր»։ Զինք գիտ­նա­լէս տա­րիներ ետք հար­ցազրոյց մըն ալ վա­րեցի իրեն հետ։ «Ես աւա­զակ չեմ։ Պար­զա­պէս պաշտպա­նեցի ին­ծի պատ­կա­նողը։ Իմ ծննդա­վայ­րը հա­յաշատ քա­ղաք էր։ Անոնք սպառ­նա­լով, վախցնե­լով հե­ռացու­ցին բո­լոր հա­յերը։ Վեր­ջա­պէս երե­քը միասին ին­ծի ալ վնա­սել փոր­ձե­ցին շու­կա­յին մէջ։ Դա­շոյնս քա­շեցի եւ երեք սա­տակ թո­ղու­ցի ետեւս։ Պա­տուովս լրա­ցու­ցի սահ­մա­նուած պա­տիժը եւ դուրս եկայ բան­տէն։ Ու­րա­խու­թեամբ տե­սայ թէ այդ ըն­տա­նիք­նե­րէն ոչ մէկ անձ մնա­ցած էր մեր քա­ղաքը։ Իսկ ես հպար­տօ­րէն հոս եմ տա­կաւին»։

Ամուսնա­ցայ եւ իբ­րեւ քե­նակալ ու­նե­ցայ նոր Սար­գիս մը։ Դար­ձեալ մաք­րա­մաքուր կեր­պար մը իր խոր հա­րազա­տու­թիւնով ու մտեր­մութեամբ։

Կայ Սար­գիս մը եւս իմ պատ­մութեան մէջ։ Հսկայ մըն է ան։ Ան­փո­խարի­նելի հսկայ մը։ Այս կ՚ըսեմ բո­լորո­վին անձնա­կան փոր­ձով, քա­նի որ փոր­ձած եմ փո­խարի­նել եւ չեմ յա­ջողած։ «Ակօս»ի հա­յերէն էջե­րու նախ­կին աւագ խմբա­գիրն էր ան։ Մեր ժո­ղովուրդի ո՛չ թէ հո­գեւո­րական­նե­րու ձեռ­քով պաշ­տօ­նակա­նացած, այլ հա­սարակ ժո­ղովուրդի ապ­րումնե­րով, առաս­պելնե­րով ձե­ւաւո­րուած պատ­մութեան տի­տանը։ Մին­չեւ օրս ամե­նաշատ ես եմ որ կ՚ապ­րիմ իր բա­ցակա­յու­թեան պատ­ճա­ռած բաց­թո­ղու­մը։

Սա­յաթ Նո­վա Երգչա­խումբի կազ­մին մէջ ար­դէն ու­նէինք եր­կու Սար­գիսներ, որոնք իմ ամե­նամօտ ըն­կե­րական շրջա­նակին մաս կը կազ­մէին։ Ամէն ինչ կը ծրագ­րէինք միաս­նա­բար։ Մեր ծրագ­րած նա­խաձեռ­նութիւննե­րը դժո­ւար թէ ձա­խողու­թեան մատ­նո­ւէին։ Կ՚երա­զէինք եւ երբ վճռէինք գոր­ծի լծո­ւիլ, ան­պայման կ՚իրա­կանա­նար այդ երա­զը մեծ գո­հու­նա­կու­թիւն պար­գե­ւելով ոչ միայն մեր երե­քին, այլ ըն­կե­րական շատ աւե­լի լայն շրջա­նակի մը։

Այ­սօր ահա այդ Սար­գիսնե­րէն մէ­կուն մեկ­նումին է որ կ՚ ող­բամ։ Հաս­տատ գի­տեմ թէ իր բա­ցակա­յու­թիւնով այ­լեւս ես չեմ յղա­նար որե­ւէ ձեռ­նարկ։ Այդ բա­նը կը թո­ղում յա­ջորդ սե­րունդին եւ կը բա­ւարա­րուիմ Սար­գի­սի, Սար­գիսնե­րու հետ գլուխ հա­նած­նե­րուս յի­շատակով։

 

Բագրատ Էսդուգեան

«Ակօս»