image

Մտորումներ մատաղօրհնութեան նոր շրջանի մասին. Գրեց՝ Բագրատ Էսդուգեան

 Մտորումներ մատաղօրհնութեան նոր շրջանի մասին. Գրեց՝ Բագրատ Էսդուգեան

Երբ խօս­քը կը վե­րաբե­րի եկե­ղեց­ւոյ անո­ւան տօ­նախմբու­թեան, կը յի­շեմ նաեւ Պո­յաճը­գիւ­ղի Սուրբ Երից Ման­կանց Եկե­ղեց­ւոյ պար­տէ­զին մէջ սար­քո­ւած Սի­րոյ Սե­ղան­նե­րը։ Հոն ալ թա­ղը ու­նէր իր յայտնի բա­րերար­նե­րը, որոնք պա­տիւ­նե­րու կ՚ար­ժա­նանա­յին թա­ղական խոր­հուրդի կող­մէ։ Անոնցմէ կը յի­շեմ Աշոտ Բա­զու­մեանի եւ Տոքթ. Մի­քայէլ Աս­լա­նի անուննե­րը։ Բայց ափ­սոս որ Պո­յաճը­գիւղ իմ երի­տասար­դութեան տա­րինե­րուն ալ հա­յաթափ եղած թաղ մըն էր եւ սե­ղանա­կից­նե­րը մե­ծաւ մա­սամբ կամ նախ­կին թա­ղեցի­ներ էին, կամ ալ Սա­յաթ Նո­վա Երգչա­խումբի շրջա­նակի մար­դիկ։

Այ­սօր դպրոց չու­նե­ցող եկե­ղեցի­ներու հա­մար բա­ցառո­ւած է մա­տաղօրհնու­թեան սո­վորու­թիւնը։ Տա­րիներ առաջ կա­յացած որո­շու­մով մը Սի­րոյ Սե­ղան կը սար­քո­ւի ոչ թէ թա­ղեցի­ները իրենց թա­ղի եկե­ղեց­ւոյ շուրջ մէկ­տե­ղելու, այլ վար­ժա­րան­նե­րու տա­րեկան պիւտճէի բա­ցը հա­ւասա­րակշռե­լու հա­մար։

Շա­տեր կը բաժ­նեն այն կար­ծի­քը, ըստ որու պոլ­սո­հայու­թեան ընդհա­նուր եկա­մու­տը եթէ միաս­նա­կան նպա­տակով շա­հագոր­ծո­ւի, Սի­րոյ Սե­ղան­ներն ալ կը վե­րադառ­նան իրենց աւան­դա­կան եղա­նակին։

 

Աշխար­հի տա­րած­քին ամե­նաշատ հայ­կա­կան եկե­ղեցի­ներով ծա­նօթ Պոլ­սոյ մէջ նա­խորդ շա­բաթ մեկ­նարկեց մա­տաղօրհնու­թիւննե­րու ար­շա­ւը։

Ըն­դունո­ւած աւան­դութեան հա­մաձայն մա­տաղ­նե­րու շար­քը կը սկսի Սուրբ Գէորգ Եկե­ղեց­ւոյ Սի­րոյ Սե­ղանով։ Հիմ­նա­կան նպա­տակը թա­ղի վար­ժա­րանի տա­րեկան ելմտա­կան պիւտճէի հա­ւասա­րեց­նումն է։

Յայտնի դար­ձաւ թէ գո­յացած 27,6 մի­լիոն ԹԼ բա­ցի փո­խարէն հա­ւաքո­ւած է 20 մի­լիոն ԹԼ.։

Այս բո­լորը մտա­ծելով ակա­մայ տա­րուե­ցայ ան­ցեալի յի­շողու­թիւննե­րու։ Սուրբ Գէոր­գի մա­տաղօրհնու­թիւնը թե­րեւս թա­ղի պատ­մութեան հետ զու­գա­հեռ ան­ցեալ ու­նե­ցող աւան­դութիւն մըն է։ Իմ ման­կութեան տա­րինե­րուն, մեր ծնող­նե­րը եւ մեծ ծնող­նե­րը ան­պայման ներ­կայ կը գտնո­ւէին այդ արա­րողու­թեան, աւար­տին ալ մա­տաղի մի­սով պատ­րաստուած սան­տո­ւիչ­ներ ի ձե­ռին կը վե­րադառ­նա­յին տուն։ Սա միայն մեր տան չէ, այլ ամ­բողջ թա­ղի հա­յու­թեան այդ օրո­ւայ յա­տուկ ան­ցուդարձն էր։ Կը պատ­մէին եղած նո­ւիրա­տուու­թիւննե­րու մա­սին, որոնց մէջ իրենք ալ կ՚ու­նե­նային իրենց վի­ճակած լու­մա­յի բա­ժինը։ Կը պար­ծե­նային շրջա­նաւարտնե­րու թի­ւով եւ անոնց ձեռք բե­րած յա­ջողու­թիւննե­րով։

Մա­տաղօրհնու­թեան խոր­հուրդի կող­քին կար նաեւ եկե­ղեց­ւոյ անո­ւան տօ­նախմբու­թեան սո­վորու­թիւնը։ Ար­դա­րեւ իմ ման­կութեան տա­րինե­րուն իւ­րա­քան­չիւր սուրբի անուն, ան­ձա­նուն էր նաեւ շա­տերուն հա­մար։ Հե­տեւա­բար հա­սարակ ժո­ղովուրդն ալ այդ նոյն օրը կը նշէր իր հա­րազատ­նե­րու անու­նը, տօ­նական սե­ղան­նե­րու շուրջ։

Երբ խօս­քը կը վե­րաբե­րի եկե­ղեց­ւոյ անո­ւան տօ­նախմբու­թեան, կը յի­շեմ նաեւ Պո­յաճը­գիւ­ղի Սուրբ Երից Ման­կանց Եկե­ղեց­ւոյ պար­տէ­զին մէջ սար­քո­ւած Սի­րոյ Սե­ղան­նե­րը։ Հոն ալ թա­ղը ու­նէր իր յայտնի բա­րերար­նե­րը, որոնք պա­տիւ­նե­րու կ՚ար­ժա­նանա­յին թա­ղական խոր­հուրդի կող­մէ։ Անոնցմէ կը յի­շեմ Աշոտ Բա­զու­մեանի եւ Տոքթ. Մի­քայէլ Աս­լա­նի անուննե­րը։ Բայց ափ­սոս որ Պո­յաճը­գիւղ իմ երի­տասար­դութեան տա­րինե­րուն ալ հա­յաթափ եղած թաղ մըն էր եւ սե­ղանա­կից­նե­րը մե­ծաւ մա­սամբ կամ նախ­կին թա­ղեցի­ներ էին, կամ ալ Սա­յաթ Նո­վա Երգչա­խումբի շրջա­նակի մար­դիկ։

Այ­սօր դպրոց չու­նե­ցող եկե­ղեցի­ներու հա­մար բա­ցառո­ւած է մա­տաղօրհնու­թեան սո­վորու­թիւնը։ Տա­րիներ առաջ կա­յացած որո­շու­մով մը Սի­րոյ Սե­ղան կը սար­քո­ւի ոչ թէ թա­ղեցի­ները իրենց թա­ղի եկե­ղեց­ւոյ շուրջ մէկ­տե­ղելու, այլ վար­ժա­րան­նե­րու տա­րեկան պիւտճէի բա­ցը հա­ւասա­րակշռե­լու հա­մար։

Շա­տեր կը բաժ­նեն այն կար­ծի­քը, ըստ որու պոլ­սո­հայու­թեան ընդհա­նուր եկա­մու­տը եթէ միաս­նա­կան նպա­տակով շա­հագոր­ծո­ւի, Սի­րոյ Սե­ղան­ներն ալ կը վե­րադառ­նան իրենց աւան­դա­կան եղա­նակին։

Յայտնի է որ ներ­կայ տրա­մադ­րութիւ­նը իր լու­ծումը գտած է բա­րերար­նե­րու նո­ւիրա­տուու­թեան ապա­ւինե­լով։ Սա խնդրի դիւ­րին լուծման եղա­նակն է։ Թա­ղակա­նը կը քստմնի բա­րերա­րին եւ ան ալ կա­տարած նո­ւիրա­տուու­թիւնով պա­տիւ­նե­րու կ՚ար­ժա­նանայ։

Երե­ւոյ­թը մեր նկա­րագ­րա­ծէն շատ աւե­լի հին ան­ցեալ մը ու­նի։ Այդ ան­ցեալի վկա­յու­թիւնը կը գտնենք պոլ­սա­հայ գրա­կանու­թեան էջե­րուն մէջ։ Այն ինչ որ այ­սօր խորթ կը թո­ւի մե­զի, խորթ թո­ւացած է նաեւ Յա­կոբ Պա­րոնեանին, որ իր սուր գրի­չով ծի­ծաղի նիւթ դար­ձուցած է հայ եր­գի­ծական գրա­կանու­թեան եւ թատ­րերգու­թեան ըն­տիր նմուշնե­րով։

Հա­մայնքա­յին հաս­տա­տու­թիւննե­րու եր­կար տա­րիներ առ­կա­խուած ընտրու­թիւննե­րէն ետք նոր թեկ­նա­ծու­նե­րը կը խոս­տա­նային հիմ­նա­կան բա­րեփո­խումներ։

Կար­ճա­տեւ փոր­ձը կը փաս­տէ թէ այս նոր շրջանն ալ փո­խանակ ու­ժե­րու միաձու­լումով նոր եղա­նակ­ներ որո­նելու, պի­տի շա­րու­նա­կէ հին աւան­դութիւ­նը։

Մե­զի կը մնայ մաղ­թել «Աս­տո­ւած վար­ձա­հատոյց թող ըլ­լայ»։

 

Բագրատ Էսդուգեան

«Ակօս»