Անցած գիշեր արցախեան սահմանին հակառակորդը տարբեր հրաձգային զինատեսակներէ, որոնց շարքին` դիպուկահար հրացաններէ, հրադադարը խախտած է շուրջ 75 անգամ` հայ դիրքերու ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 900 կրակոց:
ԼՂՀ ՊՆ մամուլի ծառայութեան հաղորդմամբ` արեւելեան եւ հիւսիսարեւելեան հատուածներուն մէջ հակառակորդը կիրառած է դիպուկահար հրացաններ` արձակելով 39 կրակոց:
ՊԲ առաջապահ զօրամասերը վերահսկողութիւն կը պահպանեն առաջնագիծին վրայ: