image

Լաթաքիոյ մէջ. Բժիշկ Մինաս Պալեան նշանակուած է Պետական Հիւանդանոցի Տնօրէն

   Լաթաքիոյ մէջ. Բժիշկ Մինաս Պալեան նշանակուած է  Պետական Հիւանդանոցի Տնօրէն

Օրերս Լաթաքիոյ մեր հայրենակիցներէն՝ Տօքթ. Մինաս Պալեան նշանակուած է քաղաքի գլխաւոր հիւանդանոցի տնօրէն։

Ստորեւ ատոր մասին տարածուած հրապարակումը՝

Կիրակի, 20 Ապրիլ 2025-ին, լաթաքիահայ բժիշկ Մինաս Պալեան նշանակուեցաւ Լաթաքիոյ պետական հիւանդանոցի տնօրէն։

Նշենք, որ բժիշկ Մինաս Պալեան եղած է Լաթաքիոյ Ազգ. Ս. Նահատակաց վարժարանի Հոգաբարձութեան եւ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղականութեան անդամ։ Ներկայիս կը վարէ թաղականութեան ատենապետի պաշտօնը։