Օրերս, Ռումանիոյ մայրաքաղաք Պուքրէշի մէջ տեղի ունեցած է «Հայ կինը՝ Ցեղասպանութեան զոհ եւ հերոս» եւ «Սթրունկա՝ հայ որբերու նոր տունը» խորագրերով ցուցադրութիւններու բացման արարողութիւնը։ Ձեռնարկը կազմակերպուած է Ռումանիոյ Հայոց միութեան մշակոյթի կեդրոնին կողմէ՝ Հայաստանի դեսպանութեան, Հայ եկեղեցւոյ եւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի գործակցութեամբ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Լոս Անճելըս հրապարակուող՝ «Ասպարէզ»էն, որ, մասնաւորապէս, գրած է՝
Ապրիլ 10-ին, Ռումանիոյ մայրաքաղաք Պուքրէշի Ազգային թատրոնի «Ռոթոնտա» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ կինը՝ Ցեղասպանութեան զոհ եւ հերոս» եւ «Սթրունկա՝ հայ որբերու նոր տունը» խորագրերով ցուցադրութիւններու բացման արարողութիւնը։ Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Ռումանիոյ Հայոց միութեան մշակոյթի կեդրոնին կողմէ՝ Հայաստանի դեսպանութեան, Հայ եկեղեցւոյ եւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի գործակցութեամբ։
Առաջին ցուցահանդէսը հայ կիներու քաջութեան եւ տառապանքին մասին է, Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին։ Լուսանկարներու, պատմութիւններու եւ վկայութիւններու միջոցով կը բացայայտուին այն կիներուն դէմքերն ու ճակատագրերը, որոնք պայքարած են գոյատեւելու համար։
Երկրորդ ցուցահանդէսը կը պատմէ Ռումանիոյ Սթրունկա գիւղի հայկական որբանոցին մասին, որ հիմնադրուած էր 1923-ին տեղւոյն համայնքին նախաձեռնութեամբ եւ ռումանական կառավարութեան աջակցութեամբ։ Ցեղասպանութենէն փրկուած 200 երեխայ ապաստան գտած էր այդ հիւրընկալ անկիւնին մէջ եւ կեանքը շարունակելու նոր առիթ ստացած էր։
Ցուցադրութիւններու բացումին՝ Ազգային թատրոնի ներկայացուցիչ Ատրիանա Փոփեսքու ողջունեց ներկաները՝ ընդգծելով նման ցուցահանդէսներու կազմակերպման կարեւորութիւնը ռումանացի հասարակութեան համար, քանի որ անոնք առիթ կու տան ուսումնասիրելու հայ ժողովուրդի վերապրած ողբերգութեան ոչ-այնքան ծանօթ դրուագները։
Հայաստանի դեսպան Տիգրան Գալստեան նշեց, որ Ցեղասպանութիւնը վերապրողներուն մէկ մասը սփռուած է աշխարհով մէկ, այդ կարգին՝ Ռումանիա, այդ պատճառով ալ գրեթէ իւրաքանչիւր հայու ընտանիքին մէջ կան վերապրողներու պատմութիւններ։ Ան յիշեցուց, որ Հայ առաքելական եկեղեցին տարիներ առաջ սրբադասեց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերը, ինչ որ մեծ խորհուրդ կը պարունակէ։
Ռումանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Տաթեւ եպիսկոպոս Յակոբեան նշեցղ, թէ 1915 թուականը հայոց պատմութեան ամենատխուր էջն է, երբ հայ ժողովուրդը կորսնցուց իր հայրենիքը եւ բնակչութեան շուրջ երեք քառորդը զոհուեցաւ եւ մի՛այն շուրջ 350 հազար հայ կրցաւ մազապուրծ ըլլալ եւ անապատէն հասնիլ այլ երկիրներ, որուն հետեւանքով այսօր աւելի քան 160 երկիրներու մէջ հայկական համայնք եւ եկեղեցի կայ։
Ռումանիոյ հայոց միութեան նախագահ Վարուժան Ոսկանեան ալ ընդգծեց, որ հայերը ապաստան գտնելով աշխարհի բոլոր ծայրերուն, կարծէք թէ կը «զգան» զիրար եւ յաճախ միայն նայուածքը բաւարար է հասկնալու, որ դիմացինը հայ է։ Ոսկանեան իր «Շշուկներու մատեան» վէպէն կարդաց տարբեր երկիրներու հիւպատոսներու վկայութիւնները հայ կիներու ջարդերուն մասին։
Ցուցադրութիւնները, մինչեւ Մայիս 15 բաց պիտի ըլլան հանրութեան համար։