Մագլցումի վտանգ կայ, բայց մագլցումի առիթ ու պատճառ չկայ։ Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է ԱԺ նախագահ Ալեն Սիմոնեանը:
«Պետք է ամէն ինչ անենք, որ նման առիթ ու պատճառ չլինի»,- ըսած է ան։
Սիմոնեանը նշած է, որ ՀՀ-ն որեւէ տարածքային պահանջ չունի եւ իր յանձն առած պարտաւորութիւններուն ու համաձայնագրերուն շատ ուժեղ կը հետեւի, եւ հետեւողականօրէն պիտի շարունակէ աշխատանքը՝ խնդրայարոյց հարցերը լուծելու ուղղութեամբ:
«Իրադարձութիւնները շատ արագ են զարգանում, եւ կարող է մօտ օրերս շատ հետաքրքիր զարգացումներ լինեն»,- ընդգծած է ան: