image

Կայուն խաղաղութեան հասնելու համար անհրաժեշտ է փոխել Հայաստանի Սահմանադրութիւնը. Ալիեւի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով ներկայացուցիչ

Կայուն խաղաղութեան հասնելու համար անհրաժեշտ է փոխել Հայաստանի Սահմանադրութիւնը. Ալիեւի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով ներկայացուցիչ

Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ անշրջելի եւ կայուն խաղաղութեան հասնելու համար անհրաժեշտ է փոխել Հայաստանի Սահմանադրութիւնը՝ ատկէ բացառելով «Ատրպէյճանի նկատմամբ տարածքային պահանջները». այս մասին ըսած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպեքովը:

Պաքուն բազմիցս կրկնած է խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման՝ նախապէս հնչեցուցած նախապայմանը՝ փոխել Հայաստանի հիմնական օրէնքը։ Սակայն Հայաստանը Սահմանադրութիւնը փոխելու Պաքուի պահանջը Հայաստանի ներքին գործերուն միջամտելու փորձ որակած է։