image

Հռոմի Պապին թաղման ծախսերը պիտի վճարէ անանուն բարերարը 

Հռոմի Պապին թաղման ծախսերը պիտի վճարէ անանուն բարերարը 

Հռոմի պապ Ֆրանչիսկոսի յուղարկավորութեան ծախսերը պիտի վճարէ անանուն բարերարը, գրած է The Telegraph-ը:

«Իմ թաղման նախապատրաստման ծախսերը պիտի կատարուին իմ կողմէ ընտրուած բարերարի գումարով»,- ըսուած է Ֆրանչիսկոսի կտակին մէջ։

Ըստ Հռոմի պապի կտակի՝ Քահանայապետը փափաքած է, որ իրեն թաղեն «առանց յատուկ զարդարանքի»՝ Սանթա Մարիա Մաճորէ պազիլիքի մէջ: Ան պատուիրած է գերեզմանաքարին գրել մէկ բառ՝ Ֆրանչիսկոս:

Յիշեցնենք, որ կաթոլիկներու հովուապետը մահացած է ապրիլ 21-ի առաւօտեան. յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ ապրիլ 26-ին: Ֆրանչիսկոսի յուղարկավորութեան պիտի մասնակցին տարբեր երկիրներու ղեկավարներ, այդ շարքին՝ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփը, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը, Պրազիլիոյ նախագահ Լուլա տա Սիլվան, Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին եւ այլք։ Ռուսիան դեռ չէ կողմնորոշուած՝ պիտի մասնակցի արդեօք արարողութեան։

Հռոմի պապը փետրուար 14-ին հիւանդանոց տեղափոխուած էր կրկնակի թոքաբորբի պատճառով եւ աւելի քան մէկ ամիս անցուցած էր հիւանադանոցը: Դուրս գալէ ետք անոր առողջական վիճակը կը շարունակէր բարդ մնալ: