image

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին հանդիպումները՝ Պէյրութի մէջ

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչին հանդիպումները՝ Պէյրութի մէջ


ՀՅԴ Պաշտօնական կայքէն կը կարդանք՝

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան եւ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու Յակոբ Բագրատունի հանդիպումներ ունեցան Արամ Ա. վեհափառի, կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս պատրիարքին եւ Հայ աւետարանական համաշխարհային խորհուրդի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի հետ:

Խօսակցութիւնները կեդրոնացան համահայկական հարցերու վրայ` շեշտաւորելով Հայաստանի կացութիւնը, Արցախի ժողովուրդին Արցախ վերադարձի իրաւունքը,

սփիւռքի կազմակերպումն ու Հայաստան-սփիւռք միասնութեան անհրաժեշտութիւնն ու հաւաքական ճիգերով մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին դիմակալած մարտահրաւէրները:

Քննարկուեցան նաեւ շրջանային կացութիւնը եւ Միջին Արեւելքի հայկական գաղութներու իրավիճակը:

Արծարծուեցաւ Վատիկանի մէջ վերջերս Գրիգորեան համալսարանին մէջ կազմակերպուած համագումարին հարցը ազրպէյճանական նախաձեռնութեամբ, ինչպէս նաեւ

Պաքուի մէջ ապօրինաբար արգելափակուած պատանդներու եւ անոնց կեղծ դատավարութեան հարցերը...