Հայաստանի կողմէ Ատրպէյճանին յանձնուած չորս գիւղի մէջ (Կըզըլ Հաճիլի (Ղըզըլհաճիլի), Խեյրիմլի, Ներքին Ոսկեպար, Բաղանիս-Այրում) Պաքուն 2025-ին մշտական սահմանային ուղեկալներ պիտի կառուցէ, յայտարարած է Ատրպէյճանի սահմանապահ զօրքերու հրամանատար Արազ Մամետովը։
«Այդ գիւղերու վերականգնման զուգահեռ 2025 թուականին պիտի սկսի մշտական սահմանային կառոյցներու շինարարութիւնը»,-ըսած է Մամետովը։