Օրերս իր մահկանացուն կնքած է, Մելգոնեանի շրջանաւարտ, պատմաբանասէր, համալսարանի դասախօս՝ Մարիլին Էօրտէկեան:
Մարիլինի անժամանակ մեկնումին մասին գրառում մը կատարած է հանգուցեալի դասընկերուհին՝ Պայծիկ Գալայճեանը։
Ստորեւ այդ գրառումը
«Իսկապէս անժամանակ էր Մարիլինին մեկնումը…: Ճակատագիրը շատ դաժան գտնուեցաւ իրեն հանդէպ, սակայն կը հաւատամ, որ այլեւս խաղաղ պիտի ննջէ, առանց ցաւի, տանջող զգացումներու։ Մխիթարանքի խօսքեր չկան, մեղմացնելու համար իր կորստեան կսկիծը, այլ միայն ափսոսանքի տխուր խոհեր, որոնք ակամայ կը պեղեն անցեալի, այո՛ Մելգոնեանի անոյշ յուշերը, որոնք պարարտ հողին վրայ մենք կառուցեցինք մեր անբասիր բարեկամութեան անսասան պարիսպները։ Որքա՜ն հաւատարմութիւն, անկեղծ զգացումներ, խինդ ու խոստումներ կային մեր բարեկամութեան իւրաքանչիւր էջին մէջ, որոնք արժանի չէին այսպիսի վախճանի։ Մելգոնեանէն ետք Հայաստան մեկնեցար պատմաբանասիրական մասնագիտութիւն ձեռք ձգելու համար, որմէ ետք մեծ հպարտութեամբ ընդունուեցար Երուսաղէմի «Հիպրու» համալսարանը, որպէս պատմութեան դասախօս։ Ուրախութիւնդ առաւել եւս անսասան եղաւ երբ Ամերիկա հաստատուեցար եւ ընդունուեցար «Եէյլ» համալսարան, որպէս պատմութեան դասախօս։ Յիշատակդ, խրոխտ նկարագիրդ, ազգային արժանապատւութեան իւրայատուկ կեցուածքդ ու բարի անունդ ձգեցիր մեզի, սիրելի Մարիլին։ Յաւիտենական հանգիստ քու յոգնաբեկ ոսկորներուդ։
Յիշատակդ մնայ անթառամ, հայոց պահանջատիրութեան համոզուած անխոնջ հայուհի։»