Հայ Կաթողիկէ Միաբան՝ Հայր Անտոն Վրդ. Ադամեան կը գրէ՝
Սիրոյ և յարգանքի խօսք ֆրանչիսկոս Սրբ. Քահանայապետին:
Ողջո՜յն սրտիդ որ համակ սէր էր տկարին, լքուածին և չքաւորին:
Քրիստոս քեզ այնքան սիրեց, որ քեզմէ քիչ առաջ յարեաւ եւ
իր Աստուածային Գահին վրայ բազմեցաւ որպէսզի քեզ ողջունէ
երկնային արքայութեան մէջ:
Երանի՜ հոգիով աղքատներուն,
Երանի՜ խաղաղարարներուն՝
Որովհետեւ անոնց է երկնքի արքայութիւնը:
Հեղձուցիչ դարձած էր աշխարհիս օդը:
Չտոկացիր փտածութեան ու նեխութեան:
Ծանր կշռեցին վրադ երկրիս պատերազմները:
Շնչառութիւնդ կասեցաւ: Յանկարծ սիրտդ փուլ եկաւ:
Պա՛պ, դու գացիր: Բարով գնաս դէպի լուսաւոր օթեւանները: Ամէն:
Հայր Անտոն