Սաղիմահայութիւնը կը պատրաստուի բողոքի ցոյց հաւաք մը կայացնել յառաջիկայ երեքշաբթի օր: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Երուսաղէմի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ փոխանցեց, որ իսրայէլեան Քընէսէթի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման օրակարգին հետ կապուած սաղիմահայերը պահանջատիրական հաւաք մը պիտի կայացնեն՝ պատկան մարմիններէն պահանջելով ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը: Նշենք, որ հաւաքը կազմակերպուած է Երուսաղէմի միացեալ յանձնախումբին կողմէ, եւ այն պիտի կայացուի «Սիոնի մեծ դուռ» անունով յայտնի շրջանին մէջ: