image

Քասախ գիւղին մէջ բողոքի ցոյց եւ միջադէպ.  Միջադէպի «հեղինակ»՝ ոստիկանը աշխատանքէ հեռացուած է

Քասախ գիւղին մէջ բողոքի ցոյց եւ միջադէպ.  Միջադէպի «հեղինակ»՝ ոստիկանը աշխատանքէ հեռացուած է

Այսօր քասախցիներու բողոքի ցոյցի ժամանակ 24News-ի լրագրող Մերի Մանուկեանի նկատմամբ բռնութիւն կիրառած կարմիր պերէթաւորն ազատուած է ծառայութենէն։ Տեղեկութիւնը յայտնած է ՆԳՆ մամուլի խօսնակ Նարեկ Սարգսեանը։

«Աշտարակի խճուղում ոստիկանութեան ծառայողի եւ լրագրողի միջեւ տեղի ունեցած միջադէպի մասնակից ոստիկանը ազատուել է ծառայութիւնից»,– դիմատետրեան էջին գրած է ՆԳՆ մամուլի խօսնակը։

Աւելի վաղ ՀՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Անահիտ Մանասեանը խստօրէն դատապարտած էր ոստիկանութեան ծառայողի կողմէ լրագրողի նկատմամբ բռնութիւնը։ Պաշտպանը պահանջած  էր, որ իրաւասու մարմինները պատշաճ քննութիւն իրականացնեն նշուած դէպքով:

Նշենք, որ պռոշեանցիներն ու քասախցիները ապրիլ 5-էն կը պահանջեն, որ տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութիւնը չեղեալ յայտարարէ որոշումը, ըստ որու` Պռոշեան-Երեւան ուղեւորափոխադրումը պէտք է իրականացուի «ՄուլտիՏրանսպորտ» ընկերութեան պատկանող թիւ 277 միքրո-հանրակառքով, որու արժէքը 200 դրամ է (մինչ այժմ Երեւանի հետ կապն ապահովուած է «Երեւանի ավտոբուս» ընկերութեան պատկանող թիւ 25 երթուղիով, ուղեգիծը՝ Պռոշեան-Աւան-Զէյթուն)։

Այսօր, կրկին, վաղ առաւօտէն քասախցիները փորձած էին փակել Աշտարակ-Երեւան մայրուղին՝ պահանջելով երթուղիին մէջ վերականգնել 59 համարի հանրակառքը։

Սակայն մեծաթիւ ոստիկաններ ցոյցի մասնակիցները բերման ենթարկեցին։ Կարմիր պերէթաւորներէն մէկը հարուածած է 24news.am կայքի լրագրող Մերի Մանուկեանը:

Երբ լրագրողը հետաքրքրուած է, թէ ինչու մարդոց բռնի ուժ գործադրելով բերման կ՚ենթարկեն, կարմիր պերէթաւորներէն մէկը հունէն դուրս եկած է եւ հարուածած անոր:

Երբ լրագրողը այդ մասին յայտնած է ՆԳՆ համայնքային ոստիկանութեան պետ Կարէն Յակոբեանին, վերջինս ըսած է, որ չէ տեսած եւ որ ծառայողական քննութիւն պիտի կատարուի:

ՆԳՆ-էն տեղեկացուցած են, որ Վարչական իրաւախախտումներու վերաբերեալ օրէնսգիրքի 182-րդ յօդուածով նախատեսուած արարք կատարելու համար 11 անձ բերման ենթարկուած է: