image

Եգիպտահայ տաղանդաւոր նկարիչ Արմէն Յակոբին նոր նուաճումը՝ Հիւսթընի մէջ

  Եգիպտահայ  տաղանդաւոր նկարիչ Արմէն Յակոբին նոր նուաճումը՝ Հիւսթընի մէջ

Արուեստի Համաշխարհային ցուցասրահը (World Art Gallery), որ կը գտնուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ռիվըր Օքս շրջանին մէջ, հպարտութեամբ կը ներկայացէ միջազգային նկարիչ, եգիպտահայ Արմէն Յակոբի «Մանթրա» խորագրով ցուցահանդէսը։ 

Այս պատկերասրահը, որ կը գտնուի Հիւսթըն նահանգին մէջ, կը ներկայանայ, որպէս Արմէն Յակոբի ստեղծագործական՝ օրինական ներկայացուցիչը ԱՄՆ-ի մէջ: Արմէն Յակոբ  ժամանակակից նկարիչ է, որ շահած է զանազան մեծ մրցանակներ։ Անոր քանդակներն ու նկարները հարուստ են հոգեւոր լիցքաւորումով, որ կը բխի հնագոյն ոգեղէնութեան ուսմունքներու  հանդէպ  իր ունեցած հետաքրքրութիւնէն ու նաեւ կատարած  ուսումնասիրութիւններէն։ 

«Մանթրա» խորագիրը կ՚ամփոփէ այս ցուցահանդէսին հոգեւոր էութիւնը։ Արուեստի իւրաքանչիւր գործ խոկում մըն է, որ կը ներգրաւէ զգայարանները, յիշեցնելով մեզ, որ արուեստը կրնայ հրաւէր հանդիսանալ դէպի մեր ներսիդին ճանապարհորդելու եւ հաղորդուելու մեր հոգեւր էութեան հետ: Յակոբի ոճը հիմնականապէս կը կեդրոնանայ տարրերու պարզութեան վրայ, ինչպէն են կէտն ու գիծը, եւ անոր հաւատը անոնց անսահման ներուժի հանդէպ: «Մանթրա»  շարքի նկարները ստեղծուած են նկարիչին խոկումներէն եւ զանոնք պաստառին վրայ ներկայացուցած է օգտագործելով 0,1 մմ փոքր գրիչի ծայրը:

Այս ստեղծագործութիւնները, ի տարբերութիւն աւանդական «մանթրա»ներու, որոնք ձայն կամ բառ կը ներառեն, ամենափոքր կէտի կրկնութեան միջոցով կ՚ուսումնասիրեն անսահման հնարաւորութիւններ: Յակոբ կ՚ըսէ. «Նիւթականութիւնը կ՚ուսումնասիրուի կրանիթի միջոցով, իսկ աննիւթականութիւնը՝ ժամանակի ընդմրջէն»:

Պատկերասրահի սեւ կրանիթէ քանդակները նախատեսուած չեն իրենց արտաքին չափով կամ բարդութեամբ տպաւորելու համար, այլ՝ իրենց ներքին կեանքի փորձը դրսեւորելու ունակութեամբ: Անոնք ստեղծուած են ոչ թէ իրենց անհատական ​​«ես»ը փառաբանելու, այլ հաւաքական ենթագիտակցութիւնը արթնցնելու համար: Անոնք անշարժ առարկաներ չեն, այլեւ՝ շարժուն, որոնք կը ճօճուին նուազագոյն հպման պարագային:

Արուեստի այս գործերը՝ միասնաբար կը ներկայացնեն հոգեւոր վարժութեան ֆիզիքական դրսեւորումները, իսկ ստեղծագործական արարքը ինքնին կը դառնայ «Մանթրա»:

Արմէն Յակոբը ծնած է Գահիրէի մէջ՝ հայ ծնողներէ, ուր ան ամէն օր կ՚առերեսուէր կեանքի երկակիութեան եւ երկու հնագոյն մշակույթներու՝ հայկական եւ արաբական  հոգեւոր ժառանգութեան հետ: Երկուքին երկխօսութիւնը ստեղծեց արժէքներու մշտական ​​վերագնահատումը եւ ուրոյն հեռանկարը՝ Արեւելքի ու Արեւմուտքի, հինի ու նորի միջեւ: Այս  բոլորը  պատճառ դարձաւ, որ ան ուսումնասիրէ խոկումի հնագոյն վարժութիւնները եւ զանոնք կիրառէ իր աշխատանքին մէջ:

Արմէն Յակոբը ուսանած է Գահիրէի «Հէլուան» համալսարանի կերպարուեստի ճիւղը։ Աւարտած է զայն  1992 թուականին, որմէ ենք ստացած է ​​կրթանպաստ, նոյն համալսարանին մէջ իր բարձրագոյն ուսումը շարունակելու համար։

 Ցուցահանդէսներ ունեցած  է Եգիպտոսի զանազան քաղաքներու մէջ, իսկ 1998-ին արժանացած է «Աշնանային Սրահի քանդակներ»ու մրցանակին։ 2000 թուականին ան հանրածանօթ դարձած է, երբ շահած է Հռոմի հեղինակաւոր մրցանակը եւ տեղափոխուած՝ Իտալիա: 2010 թուականին Արմէն Յակոբը արժանացած է Ումպերթօ Մասթրոյանիի միջազգային մրցանակին, իսկ աւելի ուշ՝ 2013 թուականին, անոր շնորհուած է «Սոլմոնա» մրցանակը՝ Իտալիոյ Հանրապետութեան Նախագահական շքանշանը։ Անոր ստեղծագործութիւններէն մաս մը կը գտնուին 

Գահիրէի ​​ժամանակակից արուեստի թանգարանին մէջ, ինչպէս նաեւ Ասուանի «Բաց երկինքի տակ քանդակներ» թանգարանին, նաեւ Ֆլորիտայի՝ «Coral Springs Arts»

թանգարանին, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու՝ Շարժա քաղաքի, «Պարժիլ» արուեստի հիմնարկութեան թանգարանին, Տոհայի՝ Արաբական ժամանակակից արուեստի թանգարանին, եւ Պրիւքսէլի «Պողօսեան հիմնարկութեան» ցուցասրահին մէջ: