image

Ս. Փեթերսպուրկի մէջ հայերու դէմ յարձակած ատրպէյճանցիք պատիժի արժանացան

Ս. Փեթերսպուրկի մէջ հայերու դէմ յարձակած ատրպէյճանցիք պատիժի արժանացան

Ս. Փեթերսպուրկի դատարանը հայերու վրայ յարձակում գործած երկու ատրպէյճանցիները դատապարտած է հինգ տարուան ազատազրկման՝ ուղղիչ գաղութին մէջ: Այս մասին NEWS.a-ի թղթակցի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է տուժածներու շահերու ներկայացուցիչ, Ս. Փեթերսպուրկի իրաւաբաններու միջազգային միութեան փոխնախագահ Զօհրապ Գաբրիէլեան։

«Իւրաքանչիւրին 5 տարուայ պատիժ։ Տուժողների նիւթական պահանջները բաւարարուել են։ Ընդ որում, ծեծի տեսագրութիւնը նկարահանած եւ տարածած Իպիշովը կը վճարի երկու երրորդը»,- նշած է Զօհրապ Գաբրիէլեանը։

Ինչպէս հաղորդուած է, յանցագործութիւնը տեղի ունեցած է 2020 թուականի 23 յուլիսի ուշ երեկոյեան՝ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ։ Ատրպէյճանէն եկածներու խումբը յարձակած է երկու հայերու վրայ, ընդ որում՝ տեղի ունեցածը նկարահանուած է։

Աւելի վաղ տուժածներու շահերու ներկայացուցիչ Զօհրապ Գաբրիէլեանը նշած էր գործի առանձնայատուկ նշանակութիւնը, քանի որ այս գործիվ կը սկսի դատական փորձի ձեւաւորում, նախապէս Ռուսիոյ քրէական օրէնսգրքի 282-րդ յօդուածով գործեր չէին յարուցուիր: