Ռուս զինուորականները հեռահար ճշգրիտ զինատեսակներով հարուածներ հասցուցած են Քիեւի մէջ գտնուող ռազմական գործարանը եւ վերանորոգման գործամասը Նիքոլայեւի մէջ, յայտնած է Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակ Իկոր Քոնաշենքովը:
«Օդէն բարձր ճշգրտութեան հեռահար զէնքերը ոչնչացուցած են Քիեւի մէջ ռազմական արտադրական զօրամիաւորումը եւ ռազմական սարքի վերանորոգման գործամասը Նիքոլայեւի մէջ», ըսած է ան:
Ռուսսաստանի Զինուած ուժերը գերճշգրիտ հրթիռներով ոչնչացուցած են հակառակորդի 16 թիրախ, այդ շարքին` սարքաւորումներու պահեստներ եւ զէնքի պահման ռազմակայաններ: