image
Հրատապ լուրեր:

Ռուսները կարեւոր հարուած տուած են Քիեւի մէջ գործող ռազմական գործարանի մը

 Ռուսները կարեւոր հարուած տուած են Քիեւի մէջ գործող ռազմական գործարանի մը

Ռուս զինուորականները հեռահար ճշգրիտ զինատեսակներով հարուածներ հասցուցած են Քիեւի մէջ գտնուող ռազմական գործարանը եւ վերանորոգման գործամասը Նիքոլայեւի մէջ, յայտնած է Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակ Իկոր Քոնաշենքովը:

«Օդէն բարձր ճշգրտութեան հեռահար զէնքերը ոչնչացուցած են Քիեւի մէջ ռազմական արտադրական զօրամիաւորումը եւ ռազմական սարքի վերանորոգման գործամասը Նիքոլայեւի մէջ», ըսած է ան:

Ռուսսաստանի Զինուած ուժերը գերճշգրիտ հրթիռներով ոչնչացուցած են հակառակորդի 16 թիրախ, այդ շարքին` սարքաւորումներու պահեստներ եւ զէնքի պահման ռազմակայաններ: